Ընթերցող-խմբագրութիւն յարաբերութեան մէջ քիչ մը ժողովրդավարութիւն մտցնենք։ Այս շաբաթ չորրորդ անգամն է, որ ձեր բնակարանը կը մտնենք տարբեր ձեւով։
Նախ կը խնդրենք, որ այս շաբթուան ընթացքին եթէ բաժանորդներ եղան, որ թերթը անկանոն ստացան, անպայմանօրէն կապուին մեր բաժանորդներով զբաղուող Ցոլինէին եւ զեկուցեն այդ մասին։
Ապա, թերթի առաջին էջի մեզի համար ալ քիչ մը խորթ երեւոյթի մասին, եթէ ըսելիք ունիք, առանց քաշուելու փոխանցեցէք մեզի։
Նաեւ՝ մեզ կը հետաքրքրէ ձեր կարծիքը թէ՛ թերթի եւ թէ՛ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին առնչուող հարցերուն հանդէպ։
Ուրեմն գրեցէք մեզի։
Կրնաք նաեւ հարցեր տալ մեզ, ձեզ հետաքրքրող նիւթերու կամ քաղաքական, մշակոյթի, առեւտուրի, հասարակական կեանքի մէջ այս կամ այն չափով դերակատար անձերու մասին։ Կը խոստանանք պատասխանել ձեր բոլոր հարցերուն, փնտռել եւ ներկայացնել ձեզ հետաքրքրող նիւթերը, փնտռել եւ գտնել ձեզ հետաքրքրող անձը, պատասխանել ձեր հարցումներուն։
Մէկ խօսքով, մենք կը ցանկանք հաղորդակցիլ մեր ընթերցողներուն հետ, ձեզ հետ։
«Ասպարէզ»