Իշխանութիւնները պէտք է ամէն օր զգաստ ըլլան։ Ամէն օր պէտք է հաշուի առնեն, թէ իրենց գործունէութեամբ ու աշխատանքով ինչպէս պիտի կարենան աստիճան առ աստիճան մեղմացնել երկրին մէջ տիրող լարուածութեան մթնոլորտը։
Ի բացակայութիւն օրինական դաշտի մէջ աշխատող ընդդիմութեան աւանդական կառոյցներու, իշխանութիւնը խնդիր ունի, կամ պէտք է ունենայ հասարակութեան մէջ լարուածութեան չափը իմանալու եւ համապատասխան մարտավարութեամբ՝ մեղմացման իր քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու։
Այսօրուան պայմաններու տակ, երբ խորհրդարանի մէջ ընդդիմադիր ճակատը փոքրաթիւ խումբ մը կը ներկայացնէ, երբ հանրահաւաքներ ու ցոյցեր կազմակերպելու դիմումները շարունակ կ’անտեսուին կամ անոնց դրական պատասխանը շարունակ կը յետաձգուի՝ երկիրը անկայունութեան չմատնելու առարկութեամբ կամ մտավախութեամբ, ժողովուրդի այն հատուածը, որ հակադրուած է իշխանութեան, տեւական փնտռտուքով կը փորձէ իր բողոքը արտայայտելու նոր ձեւեր գտնել։
Նախ պարն էր ընտրուած ճանապարհը։ Պարը կրնար երկար ճանապարհ կտրել, եթէ իշխանութիւնը անմեղ շարժումներու ետին թաքնուած դաւադրական այլ ծալքերէ չվախնար։
Յետոյ՝ լուռ շղթան, մոմավառութիւնը։
Երէկ՝ զբօսանքը։ Այսօր, բոլորովին նոր ստեղծագործութիւն մը, բառային եւ ձեւի տեսակէտով։ «Գրքաթերթութիւն» անհեթեթ բառով կը ներկայացուի նոր քայլ մը, որ հազիւ մէկ անգամուան համար կարելի է օգտագործել. հաւաքուիլ Ազատութեան հրապարակի շրջակայքը՝ զինուած գիրքերով ու թերթերով եւ, նախապէս ճշդուած ժամուն, այս պարագային երեկոյեան ժամը 6։30ին, սկսիլ բարձրաձայն կարդալ։
Այս շարունակական արարքները ունին իրենց քաղցրութիւնը, ունին իրենց հմայքը։ Այս արարքներուն ընդմէջէն իշխանութեան կը տրուի ամէնօրեայ սրսկում մը, խայթոց մը, որ չկարծեն, թէ կրնան թուլնալ, կրնան նախկին աշխատելակերպով կամ մօտեցումներով անխռով կառավարել։
Այդ խայթոցը անհրաժեշտ է։ Այդ խայթոցը ժողովրդավարութեան մէկ ծնունդն է եւ արժանի է ուշադրութեան, աւելի ճիշդը, ինք կը գտնէ ձեւը իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու։ Եւ փաստ է, որ ամէն օր ժողովուրդի զաւակներէն խումբեր կը մասնակցին այս արարքներուն ու կու տան իրենց գնահատականը իշխանութեան գործունէութեան ծրագիրներուն, յայտարարած միջոցառումներուն։