
«ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԵՏԱՊՆԴՈՒԱԾ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ»
Այս Ապրիլ 24ին, երբ կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յարգէ թուրք-օսմանական կառավարութեան կողմէ 1915էն 1921 համակարգուած եւ ծրագրուած բնաջնջումի ենթարկուած 1.5 միլիոն հայոց անթառամ յիշատակը:
Զօրավիգ կը կանգնինք անոնց վերապրող ժառանգորդներուն իբրեւ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ միացեալ յիշատակի պահապանները:
Առաւել քան մէկ դարէ ի վեր, թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն կը ժխտէ իր ոճիրը, այլ զայն դարձուցած է քաղաքական ռազմավարութիւն: Այս ժխտումը երբեք մեկուսի չէ գոյացած, այլ ծառայած է իբրեւ վառելանիւթ՝ յաւելեալ բարբարոսութիւններու, որոնցմէ նորագոյնը՝ Թուրքիոյ բացայայտ եւ ուղղակի աջակցութեամբ Ատրպէյճանի գործադրուած Արցախի բնիկ հայութեան ցեղասպանական՝ ցեղային զտ-ման եւ իր պապենական հողերէն բռնի տեղահանման ոճիրներն են:
Մինչ այս պահը, 150,000 բնիկ արցախահայեր բռնի տեղահանուած են իրենց պապենական տուներէն: Հայ ռազմագերիներու անարդար ու ապօրինի գերութիւնը եւ շինծու դատավարութիւնները կը շարունակուին: Հազարամեակներու մշակութային եւ բարոյական ժառանգութիւններ ոչնչացման վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին: Վերոնշեալ արարքները եւ 1915ի դէպքերը անջատ երեւոյթներ չեն, այլ՝ նոյն ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ անպատժելիութեան ուղղակի շարունակութիւնը:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղենք Միացեալ Նահանգներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին, ոչ միայն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը – զոր արդէն իսկ բազմաթիւ պետութիւններ կատարած են – այլ գործեն յանուն արդարութեան: Պէտք է ճշմարտութեան յաջորդէ արդար հատուցումը: Ժամանակը հասած է մէկ կողմ դնելու դատարկ խորհրդանշականութիւնը եւ դիմագրաւելու շարունակուող անարդարութիւնը իսկական ու գործադրելի քաղաքականութիւններով:
Զուգահեռաբար, կ՛անդրադառնանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ «բնականոնացման» խօսակցութիւններուն: Նոյնիսկ երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը չեն ներկայացած իբրեւ երկխօսութեան նախապայման՝ հաւանաբար պէտք չէ զայն դնել, իրականութիւնը կը մնայ միանշանակ. կարելի չէ կայուն ու տոկուն խաղաղութիւն կերտել առանց դիմակայելու եւ վերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները, թրքական պետական ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանրային մաշտաբներու վրայ: Առանց այս պայմաններուն, «բնականոնացում»ը կը կերպարանափոխուի անվստահութեան եւ ժողովուրդներուն միջեւ կը ստեղծէ աւելի մեծ հեռաւորութիւն եւ անհաշտութիւն:

Կը վերահաստատենք, որ միակ ճանապարհը երկարատեւ խաղաղութեան եւ շրջանային կայունութեան, արդարութիւնն է, այլ՝ ոչ լռութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է անպայման ճանչցուի Թուրքիոյ կողմէ, արդար հատուցումներ եւ բարոյական հաշուեյարդար կատարուի: Ընթացիկ քաղաքականութիւնները բնաջնջումի, բռնի տեղահանման եւ բարբարոսութեան ընդդէմ Հայաստանի եւ հայոց ազգին՝ պէտք է դիմադրել հետեւողական սկզբունքային քայլերով:
Այս ճակատագրական պահուն, պարտք կը զգանք մեր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելու այն բոլոր խօսոյթներուն – անկախ անկէ, թէ որ աղբիւրներէն կը բխին անոնք,- որոնք կը ձգտին խեղաթիւրել, մեղմացնել, ժխտել, խարդախել, կամ վերակառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը՝ համակերպեցնելու համար քաղաքական այս կամ այն շահի հետապնդման: Ժխտումը՝ անկախ անկէ, թէ անիկա Անգարայէն հնչէ, կամ անհաշտ արձագանգը գտնէ Երեւանի մէջ, կը մնայ պատմութեան դաւաճանութիւն եւ ապագայի սպառնալիք:
110 տարիներու ընթացքին, հայութիւնը պահպանեց ճշմարտութիւնը՝ յիշողութեամբ, վառ դիմադրողականութեամբ եւ մաքառումի ոգիով: Արդ՝ կը վերանորոգենք մեր ստանձնած սուրբ առաքելութիւնը՝ հետապնդելու եւ վերականգնելու արդարութիւնը: Յանուն մեր զոհուած նախահայրերու յիշատակին, յանուն արցախահայութեան եւ յանուն բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը հալածուին իրենց ազգային ինքնութեան պատճառով:
Ճշմարտութիւնը պահպանուած է 110 տարիներ անընդհատ: Ժամանակն է արդարութեան վերականգման, եւ մինչեւ անիկա չիրականանայ՝ պիտի չդադրեցնենք մեր պայքարը՝ պահպանելու ճշմարտութիւնը եւ հետապնդելու արդարութիւնը:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
24 Ապրիլ 2025