Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ դարձեալ թէժացաւ Ցեղասպանութեան ուրացման նիւթը: Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմութիւնը Ապրիլ 24ին ընդառաջ յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նախագիծ մը մշակած է. իշխանութիւնը այս մէկը որակեց երեսպաշտութիւն` ընդգծելով, որ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ այդպիսի յօդուած մը արդէն կայ:
23 Ապրիլին, «Հայաստան» խմբակցութենէն Քրիստինէ Վարդանեան բացատրեց գործող յօդուածին եւ իրենց կողմէ առաջարկուող կարգաւորումներուն տարբերութիւնը:
«Եթէ հիմիկուայ օրէնսգրքով չի իրականացուել ատելութեան քարոզին զուգահեռ Ցեղասպանութեան ժխտումը, դա քրէականացուած չէ: Ինչո՞ւ է այսպէս օրէնքը եղել, որովհետեւ երբ օրէնքը գրել են, մտայնութիւնն այն է եղել, որ ազգութեամբ հայը չի կարող հերքել Ցեղասպանութիւնը, -եան ազգանունով ազգութեամբ հայը, միայն օտարերկրացին կարող է դա անել եւ դրա պատճառը կարող է լինել ատելութեան քարոզը», ըսաւ Վարդանեան:
Ընդդիմութիւնը այժմ կ՛առաջարկէ որեւէ պարագայի, առանց շարժառիթները նկատի ունենալու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելը, մեղմացնելը կամ արդարացնելը քրէականացնել: Նախագիծը արդէն շրջանառութեան մէջ դրուած է. քննարկումներու փուլ պիտի մտնէ հաւանաբար մէկ ամիսէն: Ըստ Վարդանեանի՝ ասոր անհրաժեշտութիւնը յառաջացաւ նաեւ տարեսկիզբին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք: «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնան, պէտք է հասկանանք` ինչ է տեղի ունեցել եւ ինչու է տեղի ունեցել», ըսած էր Փաշինեան, որ հետագային տարակուսանք յայտնեց, որ զինք կը մեղադրեն Ցեղասպանութեան ուրացման մէջ:
«Հասել ենք այն կէտին, որ փաստացի ուղղակի Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնելու նման յայտարարութիւններ են եղել, նաեւ իշխանութեան երէկուայ արձագանգն էր դրա մասին: Երբ ասում են` պիտի հասկանան` Դաշնակութիւնն ինչ մասնակցութիւն է ունեցել Ցեղասպանութեանը, դա Թուրքիայի նարատիւի (պատումին) կրկնութիւն չի՞ եւ հարցականի տակ դնել չի՞ այն փաստը, որ թուրքերն իրականացրել են Հայոց Ցեղասպանութիւն», պնդեց Վարդանեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ՝ ՔԱՇՔՇՈՒԷ ԵՒ ԾԵԾՈՒԸՏՈՒՔ
22 Ապրիլին, երբ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, նսեմացումը եւ արդարացումը քրէականացնել առաջարկող օրէնքի փոփոխութեան նախագիծը,վէճ մը ծայր առաւ ընդդիմադիր եւ իշխանական պատգամաւորներուն միջեւ եւ անիկա շուտով վերածուեցաւ քաշքշուքի եւ ծեծուըտուքի։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ իշխանականները սադրեցին վիճակը: «Իրենց այս շաբաթուայ լարուած վիճակը, պահուածքը պայմանաւորուած է Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցի օրերով եւ իրենց յստակ ուրացման քաղաքականութեամբ», ըսաւ Սաղաթէլեան՝ աւելցնելով, որ իշխանութիւնները անընդհատ կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը եւ բռնած են ուրացման ճամբան, նաեւ կը փորձեն շփոթի մարդիկ մատնել: «Դաշնակցութիւնն այս իշխանութիւնների գաղափարական հակառակորդն է: Հետեւաբար, իրենց յարձակումը Դաշնակցութեան, ազգային արժէքների հանդէպ, բնական է, քանի որ նրանց ու թուրքերի արձագանգները նոյն են: Հայաստանի թշնամիներն ու սրանք ատում են ազգային ուժերին, իսկ Դաշնակցութիւնն այսօր ամենաընդլայնուած ազգային ուժն է», յայտնեց Սաղաթէլեան, որ իրենց ներկայացուցած նախագիծին մասին նախապէս ըսած էր հետեւեալը. «Այս նախաձեռնութիւնը ուղղակի պատասխան է Թուրքիայից պարտադրուող ժխտողական քաղաքականութեանը եւ ներկայիս իշխանութիւնների` այդ քաղաքականութեանը ենթարկուելու փաստին: Իշխանութիւնն ունի երկու ընտրութիւն. 1. կողմ քուէարկել օրինագծին` փակելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դուռը, 2. մերժել նախագիծը` պաշտօնապէս ամրագրելով, որ ինքն իրականացնում է ժխտողական քաղաքականութիւն: Երրորդ տարբերակ չկայ: Նախագիծը մշակուել է` հիմնուելով ՀՀ Անկախութեան հռչակագրում ամրագրուած դրոյթների, ինչպէս նաեւ եւրոպական մի շարք պետութիւնների օրէնքների հիման վրայ, որտեղ ցեղասպանութեան ժխտումը, այդ թւում` Հայոց Ցեղասպանութեան, վաղուց քրէօրէն պատժելի է: ԱԺում այս նախագծի քննարկումը վեր է ածուելու յիշողութեան եւ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան հարցում ջրբաժանի: Ջրբաժանի մի կողմում հայ ժողովուրդն է` իր յիշողութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ իրաւունքներով, իսկ միւս կողմում` մեր ժողովրդի թշնամիները: Կողմերին ընտրելու է մեզանից իւրաքանչիւրը: Ուստի, կոչ ենք անում բոլոր քաղաքական ուժերին, մտաւորականութեանը, քաղաքացիական հասարակութեանը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին ընդառաջ յստակեցնել եւ վերահաստատել իրենց դիրքորոշումները եւ համատեղ պայքարել ուրացման քաղաքականութեան դէմ»։
Հայաստանի իշխանութիւնները տարբեր առիթներով եւ բացայայտ կը յայտարարեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պաշտօնական Երեւանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւն չունի: