ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ․ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Զատիկը եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնն է, որովհետեւ ան կ՛ոգեկոչէ Քրիստոսի Յարութեան աննման դէպքը, որ իր հզօր ազդեցութիւնը ունեցած է, եւ դեռ կը շարունակէ ունենալ, մարդոց կեանքին մէջ:
Ս. Յարութեան ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը իր բախտորոշ եւ ճակատագրական դերը ունեցաւ Յիսուսի աշակերտներուն վրայ: Յարուցեալ Քրիստոսը տարերային զօրութեամբ յեղաշրջեց անոնց կեանքն ու կենցաղը:
Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն, աշակերտներուն ունեցած ակնկալութիւնները, որ իրենց վարդապետը պիտի դառնար երկրաւոր մեսիա մը ազատագրելու իրենց ազգը հռոմէական տիրապետութենէ՝ բոլորովին յուսախաբ ըրած էր զիրենք: Իր աշակերտները զինք դիմաւորած էին Երուսաղէմի մէջ «ովսաննա»ներով, այն յոյսով որ Ան իր երկրաւոր թագաւորութիւնը պիտի հռչակէր, բայց անոնք հիասթափուած էին՝ ի տես Յիսուսի արտասուքին եւ մարգարէութեան, թէ օր մը Երուսաղէմ քար ու քանդ պիտի ըլլար իր թշնամիներուն կողմէ:
Ատկէ քանի մը օր ետք՝ Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութեան ողբերգութիւնը ամբողջովին մարած էր իրենց յոյսերը՝ անամոք սուգի մատնելով զիրենք: Վախը կացինահարած էր անոնց ներաշխարհը եւ յուսահատութիւնը անդամալուծած էր անոնց կամքերը: Ահ ու դողի մատնուած՝ անոնք կծկուած էին իրենց պատեաններուն մէջ:
Սակայն, երեք օր ետք, Կիրակի օրը, աներեւակայելի բան մը պատահեցաւ որ հիմնովին փոխեց Յիսուսի աշակերտներուն աշխարհահայեացքը: Այդ վհատած, բարոյալքուած եւ դասալքուած մարդիկը՝ յանկարծ դարձան աներկիւղ եւ ինքնավստահ, վճռակամ եւ խիզախ: Իրենց թաքստոցներէն դուրս եկած, անոնք դարձան Քրիստոսի անվախ աւետարանիչները:
Ի՞նչ էր գաղտնիքը այս արմատական եւ հրաշալի փոփոխութեան: Գաղտնիքը Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնն էր: Յարուցեալ Յիսուսի հրաշազօրութիւնը արմատական փոփոխութիւն մը յառաջացուց՝ վհատութեան մատնուած այդ մարդոց մէջ: Աշակերտները անձնապէս տեսան եւ համոզուեցան թէ Յիսուս Քրիստոս յաղթական տէր է եւ փրկիչ: Անոնք համոզուեցան, թէ Քրիստոս մեղքի եւ խաւարի ուժերուն վրայ տարած էր վճռական եւ բախտորոշ յաղթանակ մը:
Աշակերտներուն այս ամրակուռ հաւատքը կը բխէր Քրիստոսի Յարութեան զօրութեան ճանաչումէն, որուն որպէս արդիւնք անոնց կեանքն ու կենցաղը հիմնովին փոխուեցաւ: Շուտով անոնց յոռետեսութիւնը տեղի տուաւ լաւատեսութեան: Թօթափելով ամէն անձկութիւն ու յուսաբեկութիւն՝ անոնք նոր խանդով ու աւիւնով, անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած Յարուցեալ Քրիստոսի աննահանջ ախոյեանները դարձան: Աւետարանչութեան անմար հուրովը բորբոքած՝ անոնք Քրիստոսի Աւետարանին անվեհեր ջահակիրները եղան:
Յարութեան ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը դարձած է նաեւ կենդանի եւ ներգործող լծակ մը բոլոր դարերու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, որոնք ճանչցած են զինք որպէս յաղթական Տէր, որովհետեւ Ան նոյնն է «Երէկ, այսօր եւ յաւիտեան»:
Յարուցեալ Փրկչին յաղթութիւնը դարձած է անոնց կենսունակութեան աւիշը ու անոնց կեանքերուն հզօր ուժամղիչը: Այսպէսով, անոնք քաջութեամբ կարողացած են դիմագրաւել ամէն տեսակի տագնապներ, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ:
Իր հաւաքական կեանքը Քրիստոսի կառքին լծող հայ ժողովուրդը փորձառաբար իրազեկ է այս ճշմարտութեան: Հակառակ անոր որ մեր բազմադարեան պատմութեան մէջ հայ ազգը արձանագրէր է բազմաթիւ մահասարսուռ էջեր, սրտաճմլիկ նահատակութիւններ եւ ազգային մեծ աղէտներ՝ Յարութեան յեղաշրջիչ զօրութեամբ ազգովին կրցած ենք մեր արցունքէն ծիածան եւ մեր փուշերէն պսակ շինել: Ասոր պերճախօս օրինակը 1915 էն 1923 տարիներու ընթացքին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:
Ի հեճուկս այն իրողութեան, որ այդ դժնդակ տարիներուն հայ ժողովուրդը իր խաչը կրած՝ քալեց դէպի իր «Գողգոթա»ն, քալեց արեան ճանապարհէն, արցունքի հովիտէն եւ մահուան մութ ձորէն, աստուածատուր յարութեան զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իր մայր հողին վրայ պետականութիւն կերտեց՝ հիմը դնելով մեր այսօրուան սիրելի հայրենիքին: Իսկ Ցեղասպանութենէ մազապուրծ ազատած «Մնացորդաց»ը՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու եւ համայն աշխարհի տարածքին մէջ նորանոր գաղութներ կազմակերպեց:
Եզեկիէլ մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը լիովին կը յարմարի Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ազգին: Չորցած ոսկորներէն յառնող, փիւնիկի պէս մոխիրներէն ծնող շուրջ տասը միլիոն հայեր այսօր կը յայտարարեն աշխարհին՝ «Կանք, կը մնանք, կ՛ապրինք, կը ստեղծագործենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»:
Թող Զատկուայ հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն հայու եւ ամէն մարդու կեանքին մէջ, որպէս զի կարենայ լիաթոք գոչել, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: