Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնները դէմ են ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի լուծարման: «Դա միակ միջազգային հարթակն է, որը ստեղծուել է հէնց հակամարտութիւնը լուծելու համար: Այդ որոշումները` Արցախի էջը փակելու, Մինսկի խումբը փակելու, յայտարարում են Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ ես ակնկալում եմ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիների արձագանգը», աւելցուց Շահրամանեան։
Խօսելով իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի էջը փակուած նկատելու յայտարարութիւններուն մասին՝ Շահրամանեան շեշտեց, որ «քանի դեռ բռնի տեղահանուած արցախցիները իրենց հայրենիք վերադառնալու արժանապատիւ հնարաւորութիւն չունեն` այդ էջը փակուած չէ»։
Ան նաեւ ըսաւ, որ տեղահանութենէն ետք եւ մինչեւ այսօր իրենք իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ ոչ մէկ կապ ունեցած են։ «Եթէ դուք դա համարում էք ճնշում, ուրեմն` կայ ճնշում», ըսաւ Շահրամանեան՝ աւելցնելով. «Մեզ հետ պէտք է հաշուի նստել: Բոլոր խնդիրները` սոցիալական (ընկերային), ունեն իրենց լուծումները եւ մենք պատրաստ ենք այդ լուծումների շրջանակներում նաեւ աջակցել ՀՀ կառավարութեանը եւ այսպիսի պահուածքը, որ մենք զգում ենք մեզ օտար է, սա անթոյլատրելի է»:
Արցախի ներկայացուցչութեան դիմաց ցոյց կատարող արցախցիներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Շահրամանեան ըսաւ, որ Արցախէն բռնագաղթելէ ետք ընկերային բոլոր հարցերուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Հայաստանի կառավարութիւնը, առ այդ, իրենք որեւէ ձեւով կարելիութիւն չունին ազդելու այդ որոշումներուն վրայ, բացի հանրային ճնշումներէն։
Ան նաեւ արձագանգեց Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի իշխանութիւններուն ուղղուած մեղադրանքին, որ անոնք մերժած են Սոֆիայի եւ Պրաթիսլաւայի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցելու առաջարկը՝ շեշտելով, որ այն ժամանակ Արցախի նախագահը Արայիկ Յարութիւնեանն էր, եւ միասնաբար քննարկած են Սոֆիա երթալու հարցը՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին եւ տուած են դրական պատասխան: «Բացի դրանից 15 օր անց եղել է Բրատիսլաւիայում հանդիպելու առաջարկ, որը մենք ընդունել ենք եւ մեր պատուիրակութիւնը գնել էր տոմսերը այնտեղ գնալու, բայց Ադրբեջանը մերժել է: Այս շահարկումները բարոյական չեն, քանի որ Արցախի ներկայացուցիչները տարբեր ժամանակահատուածում ուղիղ բանակցել են Ադրբեջանի հետ», շեշտեց Շահրամանեան։
«Արցախցիներից թալանուածը վերադարձուի արցախցուն» պահանջով ներկայացուցչութեան դիմաց հաւաքուած արցախցիներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Շահրամանեան ըսաւ, որ՝ «բոլորը բոլորին թալանի մէջ են մեղադրում, բայց այդ գնահատականը իրաւապահ մարմինները պէտք է տան։ Ես էլ եմ կողմ, որ էդ թալանը պէտք է վերադարձուի մեր ժողովրդին»:
Ան յիշեցուց, որ 2023ին ինք գրութեամբ դիմած է Հայաստանի դատախազին, յարուցուած է քրէական գործ, ինքն ալ իբրեւ վկայ հարցաքննուած է, իսկ ներդրումային հիմնադրամի կրիչները գրաւուած են: «Ձեր բոլոր հարցերի պատասխանները կարող են տալ հէնց իրաւապահները», ընդգծեց Շահրամանեան, որ նաեւ խոստացաւ Երկուշաբթի ընդունիլ ցոյցին մասնակցողները եւ աջակցել, որ հանդիպումներ կազմակերպուին իրաւապահ մարմիններուն հետ։ «Ես կողմ եմ, որպէսզի այդ կոռուպցիոն (փտածութեան) բնոյթի յանցագործները բացայայտուեն, մեղաւորները պատժուեն, վերջապէս ժողովուրդն իմանայ` ովքեր են մեղաւորները», ըսաւ Շահրամանեան։
Լրագրող մը յիշեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն խօսքը, որ Հայաստանի մէջ մէկ կառավարութիւն կայ, Շահրամանեան համաձայն ըլլալով՝ ըսաւ. «Դրա հետ համաձայն ենք, չկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնում երկրորդ կառավարութիւն, կայ մէկ` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն: Մենք երբեւիցէ մեզ չենք համարում, որ մենք Հայաստանի կառավարութիւն ենք»։