Վերջին հինգ օրերուն ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Երեւանէն պահանջեց Նախիջեւանի հետ անխոչընդոտ եւ անժամկէտ կապ ապահովել: Շաբաթ օրը ան այս մասին խօսեցաւ Անթալիայի մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովին ընթացքին, իսկ 17 Ապրիլին՝ Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ ասուլիսին ընթացքին:
«Հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման զուգահեռ Ատրպէյճան յատուկ մօտեցում կը պահանջէ մեր երկրի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի ապահովման հարցով: Այդպիսի բան գոյութիւն չունի, երբ երկրի մը տարածքը բաժնուած է երկու մասի: 2020ին Հայաստան անխոչընդոտ հաղորդակցութեան պարտաւորութիւն ստանձնեց, եւ այդ պարտաւորութիւնը պէտք է կատարուի: Ատրպէյճանի համար Նախիջեւանի հետ կապը պէտք է ըլլայ անխոչընդոտ, որեւէ խոչընդոտ պէտք չէ ըլլայ: Եւ անիկա այնպիսի պարտաւորութիւն պէտք է ըլլայ, որ ապագային Հայաստանի օրէնսդրութեան հնարաւոր փոփոխութիւնները այդ իրավիճակին վրայ չազդեն՝ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ, կամ երկարաժամկէտ դրուածքով«, յայտարարեց Պայրամով:
Ըստ անոր՝ հաղորդակցութեան այդպիսի դրութեան մը հաստատման անհրաժեշտութիւնը կը բխի խորհրդային տարիներու պատմութենէն, երբ «300 հազար բնակիչ ունեցող ինքնավար հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ շրջափակման մէջ»: Այժմ, ըստ Պայրամովի, «Ատրպէյճանի ակնկալութիւնը ազատ եւ անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնն է՝ անկախ քաղաքական յարաբերակցութեան տարրերու փոփոխութենէն»:
«Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ», ըսաւ Պայրամով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այդ քննարկման ընթացքին ըսած էր, որ երկրի հարաւով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն վերաբերեալ հայկական կողմին առաջարկները մինչ օրս դրական արձագանգի չեն արժանացած: Ընդ որում առաջարկել ենք կիրառել ժամանակակից տեխնոլոգիաները (արհեստագիտութիւնները), ելեկտրոնային սկաներներ (scanner-ներ), որոնք թոյլ կը տան մեզ խուսափել ապրանքների ֆիզիկական ստուգումից, կիրառել ելեկտրոնային յայտարարագրեր, այս տեղեկատուութիւնը կարող են փոխանակել համապատասխան կառոյցները, ինչը թոյլ կը տայ ունենալ այդ տրանզիտը (տարանցումը) առաւելագոյն արագութեամբ: Բայց դրական պատասխան չկայ», ըսած էր Միրզոյեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցման եւ անոր ստորագրութեան հեռանկարներուն՝ Պայրամով կրկնեց Պաքուի առաջադրած երկու նախապայմանները, որոնց մասին, ըստ իրեն, ան խօսած է Անթալիայի մէջ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին, եւ որոնք կարեւոր են համաձայնագիրի աւարտին համար: «Մենք Հայաստանի կողմէ այդ պահանջներու կատարման կը սպասենք 2022էն ի վեր: Մենք անգամ մը եւս Երեւանի ուշադրութեան յանձնեցինք Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տեղ գտած տարածքային պահանջները եւ անօգուտ Մինսքի խումբը լուծարելու կարեւորութիւնը»: