17 Ապրիլ 2025ին, Թիֆլիսի մէջ, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով հանդիպումը, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
անդիպումին սկիզբը, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիա, Հայաստանի փոխնախարար Վահան Կոստանեան եւ Ատրպէյճանի փոխնախարար Էլնուր Մամետով ողջունեցին Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու առաջին եռակողմ հանդիպումը եւ ընդգծեցին, որ երեք երկիրները իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ յարգանքին վրայ հիմնուած համագործակցութեան չիրականացած ներուժ ունին:
«Հանդիպումը միտուած էր առաջ մղել ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներում եռակողմ համագործակցութիւնը՝ նպատակ ունենալով նպաստել տարածաշրջանում կայուն զարգացմանն ու բարգաւաճմանը: Աւելին, այս ոլորտներում համագործակցութիւնը կարող է խթանել ընդհանուր մարտահրաւէրների հասցէագրումը եւ, ի վերջոյ, նպաստել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատմանն ու արագընթաց զարգացմանը: Հանդիպման ընթացքում զրուցակիցները փոխանակուել են մտքերով եւ համագործակցութեան հնարաւոր ոլորտների վերաբերեալ տեսլականներով», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումին աւարտին զրուցակիցները կարեւոր համարեցին հանդիպումին դրական եւ կառուցողական միջավայրը, որ նախնական փուլ է՝ միտուած վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան: