ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առօրեայ կեանքով անզբաղ մարդիկ երբեմն կը սպասեն, որ անպայման ձախողութեանդ վկաներ հանդիսանան: Ուրիշները կ՛ակնկալեն, որ այս կեանքիդ ընթացքին, ապրած միջավայրէդ հեռանաս եւ աներեւութանաս: Թող որ յաւիտենապէս սպասեն տկարամիտները…։
Աշխատանքներդ անմահութեան աղբիւր են, իսկ անոնց կողմէ քու անձին եղած «հետեւողականութիւնը», այսինքն անոնց գործադրած հալածանքը, այդպիսիներուն ժամանակաւոր գոյութեան խաբկանքը պիտի ըլլայ, եւ միւս կողմէ, ուղղակի ժամանակի կորուստ՝ իրենց համար: Պատմութեան փոշիին տակ մնալէ աւելի, պատմութեան աղբամանին մէջ պիտի նետուին անոնք, միախառնուելու համար դարերու անյիշելի եւ արդէն խմորուած աղբակոյտին:
Ժամանակաւոր գոյութեան խաբկանքով իրենց ժամանակը սպառող մարդիկ չեն յոգնիր այնքան ատեն որ իրենց հայեացքով ուրիշներուն հասնելու նախանձը չի՛ դադրիր գործելէ: Սակայն, անոնք չեն անդրադառնար, որ նախանձը ձախողութեան աղբիւր է նաեւ: Անիկա մարդկային ամէնէն հին եւ զօրաւոր զգացումներէն մէկն է: Երբ մարդիկ տեսնեն, թէ դուն ունիս այն, ինչը իրենք չունին՝ կը սկսին խորապէս զայն ունենալ փափաքիլ: Այս փափաքը հետզհետէ նախանձի զգեստաւորման յատուկ աւանդատունը կը մտնէ, այնտեղ, ուր պատարագիչ հոգեւորականը կը զգեստաւորուի. այսինքն, նախ բարի նպատակով, եւ ապա՝ չարին դէմ պատերազմ մղելու պատրաստակամութեամբ:
Նախանձին մեծ ոստումներ տուող երեւոյթները, յաջողակ եւ իմաստուն մարդոց աճը եւ զարգացումն են, եւ անոնց կողմէ արձանագրուած չափազանց արագ յառաջդիմութիւնները: Առաջինները, իրենց շրջապատէն շահած ճանաչողութեամբ, գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը դառնան նախանձողին, որ աւելի արագավազ ըլլալու յաւելեալ ճիգ կը թափէ:
Անգիտակցութեամբ սկսող այս քայլն է, որ հետզհետէ կը հագնի նախանձի վերարկուն, զոր երկար շրջազգեստի վերածելու հեռանկարով՝ նախանձ անձը կը սկսի շրջագայիլ ծանօթ եւ անծանօթ միջավայրերու մէջ:
Ուղղամտութեամբ եւ արդարօրէն ներկայացնելու համար վերոյիշեալ մարդոց նկարագիրը՝ ըսենք, որ նախանձը միայն բացասական գործելաոճ մը չէ: Անիկա յաճախ կախում ունի ինքնագնահատականի խախտումէն եւ իր անձը ուրիշներուն հետ համեմատելու զգացական թակարդին մէջ բռնուած ըլլալու իրավիճակէն: Ինքնագնահատանքիդ արդիւնքը եթէ բաւարար չես համարեր՝ զայն ուրիշին հետ բաղդատելու փոխարէն կամքիդ նոր թափ տուր, որպէսզի երազներդ իրականացնես: Մնացեալը, եւ մանաւանդ ուրիշին հետ մրցակցութիւնդ՝ պարզապէս ժամանակի կորուստ են: Երբ մարդ վստահ չէ՛ իր կարողութիւններուն եւ կասկածամտութեամբ կը նայի ապագայ յաջողութիւններուն, ուրիշին յաջողութիւնը իր ձախորդութեան հիմքը կը համարէ: Ողբերգութիւնը այստեղէն սկիզբ կ՛առնէ, որովհետեւ այդպիսի քայլեր զինք կ՛առաջնորդեն դէպի նախանձի կործանարար ճանապարհը:
Նախանձին բուն նպատակը, ներքին ուժականութիւնդ վատնումի առաջնորդելն է: Միտքի եւ զգացումներու կործանման հիմնական պատճա՛ռն է նախանձը: Անձի մը՝ իր ուշադրութիւնը նախանձի պատճառով ինքնիր վրայ կեդրոնացնելու սքանչելի գաղափարը անգիտակցաբար ուրիշներուն վրայ կը թեքի: Անձնական, կամ ներքին հետաքրքրութեան բացակայութեան հիմնական պատճառը նախանձի զգացումն է:
Վերեւը ըսինք, որ նախանձ անձը կը մոռնայ ինքզինք եւ ուրիշներուն զբաղեցուցած դիրքերով կը զբաղի՝ հոն հասնելու եւ անոնց տեղը գրաւելու հեռանկարով: Ան նոյնիսկ կը մոռնայ իր անցեալը եւ մեծ ոստումներ կատարելով՝ ինքնախաբէութեամբ կը տկարացնէ իր կեանքը: Նախանձով «յառաջդիմող» մարդուն յաջողութիւնները փուչիկի վրայ շէնք կառուցելու պէս անհեթեթ արարքներ են…։ Այդ փուչիկը յանկարծ կրնայ պայթիլ, իսկ վերջինիս կառուցած «շէնքը»՝ իր բոլոր յարկերով, կը փոշիանայ մէկ ակնթարթի մէջ, նման նոր այն զէնքերուն, որոնց ռմբային մէկ հարուածով բազմայարկ շէնքեր գետնին հաւասար կը դառնան:
Նախանձին այլ քայլ մը, որ շատ տարածում չունի, անհոգութիւնն է: Ուրիշին յաջողութիւնը տեսնելով՝ նախանձ մարդը կրնայ իր ներքին զգացումը բարձրաձայնել՝ ըսելով, թէ ինք աւելին ընելու պէտք չունի: Ինքնախաբէութիւն է այս, որովհետեւ ուրիշին հետ մրցակցութեան չմտնելու սոյն քայլը, նախանձ մարդուն «պատուաւոր» պարտութեան չափանիշը կը կազմէ…։ Այս կացութիւնը կարելի է որակել իսկական ծուլութիւն, որ ծուլութեամբ «յաղթանակած» նախանձ մարդուն, անգործութեամբ «օծուն» կեանքն է:
Այս դժբախտութենէն դուրս գալու լաւագոյն ձեւը նախանձի զգացումին՝ դէպի զարգացում փոխակերպումն է: Նախանձի զգացումը, եթէ կարենաս լաւապէս մեկնաբանել, այսինքն կարենաս որոշել, թէ ի՛նչ է ուզածդ, կամ ճիշդ ի՛նչ բանի համար այդ զգացումը արթնցած է մէջդ, այն ատեն իսկապէս յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրես: Առանց բաղդատականի յառաջդիմութեան պէտք ունիս, որպէսզի մէջդ եղած նախանձը պարտուի, եւ յաջողութիւնդ յաղթանակէ:
Յաջողակ անձին համար ձախողութիւն սպասելու «գործդ», շինարար ժամանակի կորուստ է: Սպասողը, իր կեանքը վերլուծելու սքանչելի ժամանակահատուածն է, զոր յիմարաբար ուրիշին կը տրամադրէ: Այս «աշխատանքին» փոխարէն ան կրնայ ինքնաքննութեան տրամադրել իր կեանքին օրերը, ինքնիրեն հարցնելով, թէ ինչո՛ւ տխրութիւն կը պատէ իր հոգւոյն մէջ, ուրիշին յաջողութիւնը տեսնելով: Տեսնուած են այնպիսի ղեկավարներ, որոնք իրենց ենթակայ մարդոց արձանագրած յաջողութիւններով ալ մտահոգուեր եn…։ Ասիկա կը նմանի բանտի այն պահակին, որ ճաղերու ետին բանտարկուած անձերէն ալ կը նախանձի: Բանտի պայմանները առանց զգալու, ան կը դիտէ իր գօտիէն կախուած բանալիներով բանտարկուածները, եւ անոնց շարժումները, ազատութեան շարժումներու հետ համեմատելով, նախանձի դառն ապրումներու ծնունդը կը զգայ միտքին մէջ:
Ձախողութիւնդ սպասողներուն յոյսը ամրապնդելու համար, սքանչելի միջոցներու կրնաս դիմել: Զիրենք այդ նոյն անիմաստ յոյսի միջավայրին մէջ պահելու համար, թող որ շարունակեն նախանձիլ, եւ մանաւանդ կեանքի ընթացքին քու առած քայլերը որդեգրելով զբաղիլ: Մի՛ մոռնար, որ եթէ քեզի նախանձող չունիս միջավայրիդ մէջ, ուրեմն բնականոն կեանքով ապրող մէկը չես: Ուրեմն, եթէ նախանձող մը կայ, մտածէ, որ ամէն ինչ ճշգրտօրէն կատարող մէկն ես…։
Ձախողութիւնդ սպասողին ձայնը եթէ կը լսես շրջապատիդ մէջ, կամ քեզի հեռուէն ալ կը հասնին անոր խօսքի փշրանքները, բոլոր ըսուածները համարէ թոյլ աղաղակներ, որոնք ջրհորի մէջ ինկած մարդու ձայնին պէս ազատութեան կանչեր են…։ Անոնք իրենց ձեռքին մէջ ամէնէն տկար լոյսն անգամ չունին, եւ ուրիշին վառած կրակին վտանգաւոր լոյսով ալ լուսաւորուիլ կը փափաքին…։
Չմոռնաս, որ այդպիսի անձերուն կողմէ սպասուած ձախողութիւնդ, խորքին մէջ մեծ յաջողութիւն է քեզի համար, որովհետեւ անոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը պիտի ուզեն քեզի նմանիլ…։