Սիւնիքի եւ Տաւուշի բնակիչներ յայտնեցին, որ գիշերը կրակոցներ կը լսեն՝ առանց գիտնալու, թէ ատրպէյճանցիները ի՛նչ նպատակով կը կրակեն։ Խնածախի կարգ մը բնակիչներու վկայութեամբ` կրակոցներու այս ամէնօրեայ դրութիւնը գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակուի։
Պարբերաբար հնչող կրակոցներու մասին խօսեցան նաեւ Տաւուշ մարզի սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչներ: Վարչական ղեկավար Արմէն Փոլադեան հաստատեց, որ 14 Ապրիլի երեկոյեան նոյնպէս կրակոցներ լսած են հեռուէն` իրենց համար անհասկնալի ուղղութեամբ:
Վերջին շաբաթներուն երբեմն կրակոցներ լսած են նաեւ սահմանային Գեղարքունիքի մարզին մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս վերջերս այցելած էր Սիւնիք, 15 Ապրիլին խորհրդարանի ամպիոնէն այդ կրակոցները բնութագրեց՝ իբրեւ «չթիրախաւորուած»: Ան հաստատեց, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումները յաճախակի են, «եթէ չասենք` ամէնօրեայ», եւ որ անոնք լսուած են Հայաստանի քանի մը բնակավայրերու մէջ: Նոյն ատեն ան շեշտեց, որ այս ընթացքին Խնածախ գիւղին մէջ «թիրախաւորման երկու կոնկրետ (յստակ) դէպք է արձանագրուել»:
«Նշեալ կրակոցները կա՛մ Ադրբեջանի զինուած ուժերում անկարգապահութեան հետեւանք են, կա՛մ նշուած բնակավայրերի բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշում գործադրելու նպատակ ունեն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ադրբեջանին կոչ է անում հետաքննել նշուած դէպքերը եւ ձեռնարկել դրանք դադարեցնելուն ուղղուած միջոցառումներ: Ինքս վերահաստատում եմ, որ Հայաստանի բանակին տուել եմ հրադադարի ռեժիմը (դրութիւնը) չխախտելու յստակ հրահանգ, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է քննել մեր բանակի կողմից հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին տեղեկութիւնները», յայտարարեց Փաշինեան, որ դարձեալ առաջարկեց Ատրպէյճանին՝ կազմել սահմանային միջադէպերու, որոնց կարգին զինադադարի դրութեան խախտումներու հետաքննութիւններու միացեալ, ամէնօրեայ դրութեամբ գործող գործիքակազմ մը: Փաշինեան այս առաջարկին մասին խօսած էր տարի մը առաջ, սակայն Ատրպէյճան երբեք չարձագանգեց:
«Այս համատեքստում հարկ եմ համարում անդրադառնալ բոլոր այն խօսոյթներին, որոնք կանխատեսում են Հայաստան-Ադրբեջան նոր սրացում եւ անգամ նոր պատերազմ: Պատերազմի որեւէ հիմնաւորում չկայ: Հայաստանն ու Ադրբեջանը ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը…», ըսաւ Փաշինեան: