
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբին՝ Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով, 23 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած մոմավառութեամբ հսկում մը քաղաքին «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ 10 տարիներ առաջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։
Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին հասցէն է՝ 85 E. Holly St., Pasadena, CA, 91103։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 212-9111 թիւին։