ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մարտի վերջին Երեքշաբթի առաւօտն էր, երբ ճշդուած ժամուն, միտքս լեցուած անօրինակ կարօտով, հայկական այդ դպրոցը գացի: Կ՛երթայի յատուկ հրաւէրով մը, հանդիպելու վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն երկու կարգերու երկսեռ աշակերտներուն հետ: Այսպէս, իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Սոնայի նախաձեռնութեամբ, ես, անձնապէս լման դասապահ մը հոն աշակերտներուն հետ պիտի անցնէի: Անոնց պիտի խօսէի: Պիտի զրուցէի: Պիտի պատմէի: Պիտի բացատրէի, եւ անպայման զիրենք ալ պիտի լսէի:
Համեստօրէն պարզեմ, որ հանդիպման գլխաւոր տուն տուող պատճառը՝ աշակերտներուն Ամերիկայի մէջ ապրող, շնչող, ստեղծագործող, հայերէնի տարիներու ուսուցիչ-տնօրէն, նաեւ՝ իբրեւ հայ գրողի մը ներկայութիւնը վայելելն էր: Հայ հեղինակի մը մօտէն հանդիպիլ-ծանօթանալն էր: Անոր հետ խօսիլ, հարցումներ տալ, պատասխաններ լսելն էր ու այս ձեւով զինք եւ իր գործերը աւելի մօտէն ճանչնալն էր:
Զինք եւ իր գործերը մօտէն Ճանչնալ:
Ու տունէս մինչեւ Հոլիվուտի ազգային այս վարժարան հասնիլս, ինքնաշարժիս մէջ, ներքին հաճոյքով, եւ մտովի երեւակայած էի այդ դասապահի մթնոլորտն ու ընդհանուր պատկեր-իրավիճակը: Որովհետեւ, խորքին մէջ ինծի համար այս հանդիպումը, շնորհահանդէսի կամ գինեձօնի մը չափանիշներէն անդին ալ էր, անկասկած: Այսպէս համոզած էի ինքզինքս:
Նաեւ ըսեմ, որքան որ կը յիշեմ, թէ տասնամեակներ առաջ, ծննդավայրէս ներս, ամբողջ դպրոցական տարիներուն հանդիպած էի միայն Հայաստանէն հիւրաբար մեր քաղաքը այցելող մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին, որուն «Խօսք իմ որդուն»ը, նախակրթարանի առաջին տարիներուս իսկ արդէն գոց ըրած էի: Այսչափ: Ու հիացմունքով զինք դիտած ու մտիկ ըրած էի, յաղթանակ մը շահողի ուրախութեամբ:
Իսկ հիմա, կարգը իմս էր…: Բայց. ե՛ս ո՜ւր…Կապուտիկեանը ուր…: Լեռ եւ ձոր կար մեր միջեւ…: Այս, սակայն, ուրիշ հարց էր: Ու հակառակ այս իրականութեան, ուրախ էի: Շնորհապարտ ուրախութիւն: Նաեւ յիշեցի որ տակաւին քանի մը տարիներ առաջ, հայկական այլ նախակրթարան մը այցելելու նման հրաւէր մը ստացած էի: Բայց այսօրուանը տարբեր էր, կը կարծէի…, որովհետեւ հանդիպումս պիտի ըլլար վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն հետ: Տարբեր միտք եւ մօտեցում… կը կռահէի: Անկասկած՝ տարբեր գոյն եւ երանգ: Նաեւ աւելցնեմ, որ թէեւ ներկայութիւնս «հանդիպում» պիտակը կը կրէր, սակայն խորքին մէջ, ինծի նման մէկը, հայ վարժարան կ՛այցելէր ո՛չ թէ իբրեւ քննիչ կամ պատասխանատու մարմնի մը ներկայացուցիչ, այլ՝ համեստ հիւր մը: Անկասկած՝ աշակերտներուն համար բոլորովին օտար դէմք մը: Անոր համար, աչքերուս մէջ ուրախութեան ներկայութիւնը զգալի էր: Ի՜նչ լաւ «բան» ծրագրուած էր, դարձեալ կ՛ըսէի մտովի: Առողջ մտածում: Զգալի քաջալերանք: Տարիներու վաստակ ունեցող հայ կրթական մշակի մը հետ ծանօթացում: Երախտապարտ մօտեցում:
Ու դասազանգին, պատասխանատու դաստիարակին հետ, ցարդ հրատարակած հատորներովս ծանրացած պայուսակովս, այդ վարժարանի երրորդ յարկի թիւ 303 դասարանը մտանք, որուն չորս պատերը զարդարուած էին հայ գիրի ու գրականութեան անդաստանին մէջ վարուցան ըրած հայ բազմաթիւ գրիչներու անուններով եւ հին ու նոր նկարներով ու անոնց «խօսքերով»:
Դասարան ըսի… ո՛չ, ո՛չ… այլ՝ պզտիկ Հայաստան: Աւելին՝ տեսանելի եւ առողջ մթնոլորտ ստեղծող ու հայ մատղաշ հոգիները ջերմացնող հոգեկան փոքրիկ հայրենիք: Նոր սերունդը հայերէնին եւ հայութեան կապող «կեդրոն»:
Ու սովորական բարեւներէն, եւ դասատուին կողմէ զիս իբրեւ «օրուան մեծ հիւր» ներկայացնելէ ետք, ամպիոնը ինծի յանձնուեցաւ: Ապա, այս մեծ եւ բացառիկ ընդունելութեան համար, նախ յարգանքով շնորհակալութիւնս յայտնեցի: Իսկապէս որ ինծի համար կեանքը բացած էր իր նոր էջը: Նախ, երկար ու լաւ ուշադրութեամբ դիտեցի բոլորը: Ու կամաց-կամաց նշմարեցի բոլորին խօսուն աչքերն ու մտերիմ դիմագիծերը: Տպաւորիչ, նոյնքան հանդիսաւոր: Թէեւ իրարու մեծ անծանօթներ էինք, սակայն իմ կողմէս տեսակ մը ստեղծուած հիացում մը կար, որ զիս կը կապէր մտքիս խոյանքներուն: Հիմա, այդ վայրկեանին ինծի համար էական էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի սողայի իրենց մտքերուն մէջ: Ապա ես ինծի հարց տուի թէ ուրկէ՞ պէտք է սկսէի: Ինչե՜ր պէտք է ըսէի, եւ կամ յիշէի ու յիշեցնէի, եւ բացայայտօրէն՝ պատմէի: Այլեւս ինքնաշարժիս մէջ չէի, այլ՝ իրական աշխարհ: Պէտք է դասարանը հաղորդակից դարձնէի արտասանած խօսքերս եւ արտայայտած գաղափարներս: Անոր համար մօտս կար անհանգիստ տրոփող ջիղ մը: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ իրենց հետաքրքիր դէմքերուն արտայայտութիւնները նոր փայլ սկսած էին տալ վայրկեաններուս: Այդ պահուն իսկապէս դժուար էր սահմանել ուրախութիւնս, հիացումս եւ հպարտութիւնս: Սակայն եւ այնպէս… վերջապէս սկսայ խօսիլ:
– Դո՛ւք էք վաղուան մեր իրականութիւնը.- շեշտեցի.- ձե՛զ տեսնելով կը յիշեմ նաեւ հին տարիներս: Ու հիմա՝ կը հիանամ: Մեծապէս կը գնահատեմ ձեզ բոլորդ, ձեր ծնողներն ու վարժարանի մեծ ու փոքր բոլոր դաստիարակները: Ձեր հոս ներկայութիւնը ինծի մեծ ուրախութիւն, ե՛ւ վստահութիւն, ե՛ւ հպարտութիւն կը պատճառէ: Եւ որովհետեւ նոր վաղուան իրականութեան հաւատացողն եմ… ինծի համար դո՛ւք էք մեր նոր վաղուան յոյսն ու լոյսը: Այսօր եկած եմ նաեւ ձեզ ալ մտիկ ընելու եւ լսելու…, եւ…, եւ…
Ու բառերուս ծայրը միշտ դրական եւ հասկնալի բաղձանքով, շարունակեցի դեգերիլ խօսքերուս կարօտի գոյնով յուշերովս, կեանք ներարկող, եւ պատշաճ ու հասկնալի բառերով, իմաստալից օրինակներով ու պատմուներովս: Ու միշտ յիշելով հայու կեանքի էականը, նաեւ բացատրեցի ներկայէն քալել դէպի սպասուած վաղը հասնելու համար: Ըսելիքներս հրամցուցի, թելադրանքի երանգներով, հանդարտ, պարզ եւ հասկնալի ու իրենց հոգիներուն խորը կանչող բառերով եւ իրենց ուղեղներուն իմաստ տուող օրինակներով: Էականը՝ փորձեցի հայացնել հայ կեանքի իմաստը: Անդրադարձայ հայերէն գիրք կարդալուն եւ մեր լեզուն միշտ եւ մաքուր գործածութեան մասին: Ընթերցանութեան ջահով փորձեցի վարակել իրենց միտքերը: Նաեւ, միտքս յուշերուս կապեցի: Աշակերտական տարիներս երազեցի ու պարզեցի: Ապրումիս ջերմութիւն տուող այդ միտքս, չես գիտեր այդ վայրկեանին ուրտեղերը փախաւ: Յուշերուս թելերէն կախուած, հաւատք փոխանակել փորձեցի: Գացի փորձառութեանս ալիքներուն վրայ թիավարելով, հասնելու համար իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն, միշտ մէջբերելով հայ կեանքէն ներս էականը, նշանակալիցը եւ կարեւորը: Ու նշմարեցի որ բոլորին դէմքերը սկսած էին փայլիլ: Պերճախօս վկայութիւն եւ հպարտանք առթող:
Ահա հայ վարժարան եւ հայ աշակերտ ու հայ ուսուցիչի խոնջենք: Համեստօրէն աւելցնեմ որ յուշերս ունէին իրենց հարազատի աշխարհագրութիւնը: Ծննդավայր: Պաշտօնավարած վարժարաններ: Աշակերտութիւն եւ մտայնութիւններ: Մէկ խօսքով յիշատակներու խառն բուրում մը, պատանեկան, երկրորդական եւ ուսուցչութեանս եւ ուսանողութեանս տարիներէս: Իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն նաեւ կրկին շեշտեցի հայերէն գիրք կարդալու անհրաժեշտութիւնը ու մանաւանդ՝ մեր լեզուի արժէքը, առանց խրատականի մը սահմաններուն հասնելու եւ անցնելու: Միջոցին, ցոյց տուի ցարդ հրատարակած հատորներէն օրինակները: Ու ամբողջ դասարանը, հեռուէն-մօտիկէն գիրքերուն կողքերուն նայեցաւ, ապա լռութեամբ եւ ուշադրութեամբ շարունակեց լրջօրէն հետեւիլ արտասանած բառերուս, խօսքերուս, անկեղծ մտածումներուս եւ մէջբերած հաճելի օրինակներուս:
Անկէ ետք, մեծ ոգեւորութեամբ առիթ տուի որ հարցումներ տային, իրենց խօսուն աչքերով հարցնէին, հետաքրքրուէին, լուսաբանութիւններ պահանջէին: Եւ ահա, «հանգոյցը քակուելով» մէկ առ մէկ սկսան ինծի հարց տալ, համարձակ եւ ինքնավստահ.-
«Ինչո՞ւ կը գրես…ե՞րբ գիտցար որ դուն գրող մըն ես… ե՞րբ կը գրես… ի՞նչ բաներու մասին կը գրես… որո՞ւ համար կը գրես…, քանի՞ տարեկանիդ սկսար գրել… քանի՞ գիրք գրած ես… բանաստեղծութիւն փորձա՞ծ ես… հայ ո՞ր հեղիակը շատ սիրած ես… ո՞ր հայ գրողին կը նմանի գրիչդ… ո՞ր գրողին գիրքերը շատ կը կարդաս… ո՞վ կը կարդայ գրածներդ… ո՞վ քեզի կը քաջալերէ որ գրես… շատ կարդացող ունի՞ս… որեւէ շահ ունեցա՞ր…» ու տակաւին… շատ հարցումներ:
Իմ կարգիս հանդարտ եւ, ի տես իրենց մաքուր եւ յստակ հայերէնով արտայայտութիւններուն՝ հպարտօրէն, բոլորին պատասխանեցի մեծ ուրախութեամբ եւ ներքին հաճոյքով:
Ուշադրութեամբ եւ լռութեամբ մտիկ ըրած էի արտասանուած բառերը, որոնք կու գային մաքուր մայրենիով եւ անմեղ մտածումներէ: Անկասկած հայ դպրոցին ու հայերէն դասին կողքին հայերէնի իրենց դասատուն, իրենց տուած էր յատուկ դիմագիծ եւ ինքնութիւն:
Գնահատում կատարելը բարերար է, եւ այս պարագային՝ տեղին:
Ու անկեղծօրէն, միտքս լեցուած կարօտով եւ զմայլանքով դրոշմուած ապրումներով ու մեծ գոհունակութեամբ հեռացայ: Հանդիպումս հասած էր իր աւարտին: Որոշեցի թուղթին յանձնել ինչ որ այդ օր ապրեցայ իբրեւ յուշ, պատմականօրէն հարուստ ապրումներով:
***
Ս. Մաշտոցի օրէն ի վեր, հայ դպրոցը եղած է ու կը մնայ ազգային մեր գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը: Հայապահպանումի հիմնաքարը, եթէ կ՛ուզէք: Հայ դպրոց, հայ ծնողք, եւ հայ ուսուցիչ՝ սրբազան երրորդութիւն մը կազմած են մեր ազգային կեանքէն ներս: Հայ դպրոցն է որ հոն յաճախող հայ մանուկին, հայ պատանիին միտքն ու հոգին կը ձեւաւորէ, կը լուսաւորէ անոնց մատղաշ միտքը, իբրեւ սրբազան հաւատքի սրբազան տաճար: Հոս է որ հայ աշակերտը կը սորվի տէր կանգնիլ մեր ազգային ժառանգութիւններուն ճանչնալով, եւ գուրգուրալով անոնց վրայ: Կը հաստատեմ: Այս բոլորը նորութիւններ չեն. երբեք:
Իսկ հայ դպրոցէն առաջ եւ ետք անպայման կու գայ տունը, իբրեւ առաջին դպրոց: Ու տակաւին մեր այս երրորդութեան երրորդը թեւը՝ հայ ուսուցիչը: Ան իր ազգանուէր աշխատանքով, հայ քարեղէն չոր կառոյցին կու տայ հայու շունչ, հայու ոգի եւ հայու նոր կեանք:
Արդ, ձեռնածալ պէտք չէ մնալ։ Հայեցի դաստիարակութեան գործը շատ դժուար է, ինչպէս նաեւ հայախօսութեան նահանջը կասեցնելը: Ահա հայ դպրոցը, որ մեր աչքին առջեւ նաեւ կը պարզէ մեր հայ ծնողներու գերագոյն զոհողութիւնը, ազգի ապագային նկատմամբ իր ունեցած գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ:
Հաւատացէ՛ք… մեր ժողովուրդը հայ աշակերտով պիտի ապրի, եւ մեր երթը պիտի շարունակէ. իսկ հայ աշակերտն ալ հայ դպրոցով պիտի սնանի, եւ իր կագին, հայ դպրոցն ալ՝ հայ ուսուցիչով է որ պիտի բարգաւաճի: Բոլորին վարձքը կատար:
bedig43@aol.com