
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 36 քոնկրեսականներ Տինա Թայթըսի եւ Քրիս Սմիթի առաջնորդութեամբ, նամակով մը կոչ ըրին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին, որ պատժամիջոցներ կիրարկէ ատրպէյճանի այն պաշտօնեաներու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայերու դէմ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու համար՝ ներառեալ ռազմագերիներու եւ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու անօրէն բանտարկութիւնները, բռնութիւնները եւ կեղծ դատավարութիւնները։
Հայ Դատը ողջունեց երկկուսակցական այս նամակը՝ զայն համարելով հաշուետուութեան եւ արդարութեան վերականգնումին ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը։
«Այս երկկուսակցական նամակը, որ նախաձեռնութիւնն է քոնկրեսականներ Տինա Թայթըսի եւ Քրիս Սմիթի, ազդու պատգամ մըն է, թէ Ուաշինկթըն պէտք է արդարութեան եւ պատասխանատուութեան նեցուկ կանգնի։ Շնորհակալ ենք բոլոր քոնկրեսականներուն, որոնք ստորագրեցին այս նամակը եւ անյապաղ կը պահանջեն պատժամիջոցներ սահմանել ատրպէյճանցի այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք ներգրաւուած են պատերազմական ոճիրներու եւ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական ղեկավարներու անօրէն բանտարկութիւններուն մէջ։ Տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար պէտք է ազատ արձակել անօրէն կերպով պահուող բոլոր հայերը, Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել հայկական տարածքներէն եւ պաշտպանել Արցախի հայ ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ։
Վերոշեալ նամակին մէջ, արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ըլլայ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկելու «ատրպէյճանցի այն պաշտօնատարներուն դէմ, «որոնք պատասխանատու են Արցախի մէջ հայերու հանդէպ պատերազմական ոճիրներու եւ իրաւանց խախտումներու համար»։
Նամակը ստորագրողները կ՛ընդգծեն, որ «մինչ այսօր Ատրպէյճան անօրէն կերպով կը պահէ առնուազն 23 յայտնի հայ ռազմագերիներ, որոնք գերի բռնուած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման օրերուն կամ անկէ ետք»՝ նախազգուշացնելով, որ «այս քաղաքական պատանդները կ՛ենթարկուին բռնութիւններու եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի»։
«Հայ բարձրաստիճան ղեկավարներու կեղծ դատավարութիւնները վնաս կը հասցնեն վստահութիւն ձեւաւորելու քայլերուն, որոնք անհրաժեշտ են կայուն խաղաղութեան համար։ Քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ է արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», կ՛աւելցնեն անոնք՝ շեշտելով, որ պատիժներու որդեգրումը լաւագոյն միջոցն է ճնշում բանեցնելու Պաքուի վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ հայ գերիները եւ կասեցնէ Հայաստանի դէմ բռնարարքները»։
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։