

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ վերջին արեւագալի արարողութեան՝ իր կողքին ունենալով հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները:
Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհին, աւարտական դասարանի աշակերտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Սրբազան հայրը իր հոգեպարար պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր աւետարանական հետեւեալ համարը. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ…» (Մտ 6.19-20)։ Սրբազանը վեր առնելով «հարստութիւն» հասկացութիւնը՝ բացատրեց որ մարդիկ տարբեր ձեւով կ՛ընկալեն հարստութիւնը։ Ոմանց համար հարստութիւնը զօրութեան ցուցանիշ է, իսկ ուրիշներ զայն կը մսխեն ժամանակաւոր հաճոյքներու վրայ։ Կան մարդիկ, որոնք իրենց գերագոյն հարստութիւնը կը համարեն իրենց ընտանիքը եւ զաւակները։ Սրբազան հայրը խորհուրդ տուաւ կառչիլ անժամանցելի եւ անկորնչելի հարստութեան, որ աշխարհին չի պատկանիր, չի փճանար եւ իր արժէքը երբեք չի կորսնցներ։


Գեղամ արքեպիսկոպոսը ներկայ աշակերտներուն բացատրեց, որ եկեղեցին, հայ դպրոցը եւ նոր սերունդը հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքներն են, որոնք մեր ազգի լինելութեան առհաւատչեան, անժանգ գանձերն են, ապա սրբազանը յորդորեց տէր կանգնիլ մեր ժառանգութեան, մշակոյթին, լեզուին եւ հաստատութիւններուն։
Յետ եկեղեցական արարողութեան, առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին։
