

– ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ, ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
– «ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊՆ» ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ, ՔԱՐՈԶ, ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 4 Ապրիլէն Կիրակի, 6 Ապրիլ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին եւ եռօրեայ կեցութեան ընթացքին հոգեւոր, ծիսական, ազգային ու մշակութային իր յորդորներով եւ հոգեպարար պատգամներով ոգեշնչեց մեծը եւ փոքրը, աշակերտն ու ուսուցիչը, գայլիկը եւ խմբապետը, ազգայինն ու ղեկավարը, ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ ծառայողն ու բարերարը եւ համայնքի եկեղեցասէր զաւակները: Արդարեւ, երեք օրերու ընթացքին, սրբազան հայրը համայնքին մէջ ծաւալեց հետեւեալ գործունէութիւնը.
4 Ապրիլին, սրբազանը այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային միջնակարգ վարժարանը՝ ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանի, Կեդրոնական Ազգային վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանի, Հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեանի եւ ընդունուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի, ուսուցչական կազմին ու աշակերտներուն կողմէ, որոնց նաեւ եղաւ ճաշի սեղանակիցը:
Յետմիջօրէին, առաջնորդը շրջեցաւ վարժարանին մէջ եւ դասարան առ դասարան այցելելով՝ մօտէն ծանօթացաւ աշակերտներուն ուսումնական, ընկերային եւ կրթական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, ապա հայրական խօսքերով խրախուսեց մատղաշ սերունդի զաւակները՝ վստահեցնելով, որ՝ «թէեւ ֆիզիքապէս հեռու, սակայն դուք մնայուն տեղ ունիք իմ միտքիս ու սիրտիս մէջ»:


Նոյն օրը երեկոյեան, Գեղամ արքեպիսկոպոսը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահոց հսկումի ժամերգութեան եւ կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն, որուն միտք բանին Շնորհալի հայրապետի «Առաւօտ Լուսոյ» երկարաշունչ բանաստեղծութեան «Սէր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեա՛ սիրտ իմ քարեղէն» տողն էր:
5 Ապրիլի առաւօտեան, Գեղամ արքեպիսկոպոսի թելադրանքով եւ նախագահութեամբ, «Հայ Ծերերու Տան» մէջ տեղի ունեցաւ պատկան մարմիններու եւ շրջանի մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ առաջնորդին հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի, Հայ Դատի զոյգ մասնաճիւղերու, Հայ Օգնութեան Միութեան «Կարին» եւ «Էրեբունի» մասնաճիւղերու, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի եւ «Անի» մասնաճիւղերու, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի պատասխանատուները եւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի տնօրէնուհին ու Ուսումնական մարմինի ատենապետը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ տէր Արցախը եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սենեքերիմեան:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց քահանայ հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ այսպիսի կարեւոր եւ շահեկան հանդիպումի մը թելադրանքը կատարած ըլլալուն համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յարակից միութիւններու պատասխանատուներուն՝ այսպիսի կարեւոր հանդիպումի մը իրենց ներկայութեան համար:
Առաջնորդը, իր կարգին, գոհունակութեամբ ողջունեց ներկաները եւ կարեւոր համարեց իւրաքանչիւրին ներդրումը ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, ապա իր մտածումները կեդրոնացուց Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմին շնորհուելիք հովուապետական այցելութեան վրայ՝ նշելով, որ անիկա սկիզբ կ՛առնէ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուան կիսուն եւ կը ներառէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի համայնքային կեանքին հետ շփման կարեւոր կայաններէն մէկը:
Նոյն օրը երեկոյեան, սրբազանը այցելեց «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահը եւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած սիրոյ սեղանին շուրջ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ Ազգային երեսփոխաններու հետ։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, տէր Արցախը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական հեռաւոր համայնքին նկատմամբ իր տածած ուշադրութեան համար:


Շնորհակալական խօսքով նաեւ հանդէս եկաւ սրբազանը եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Աստուծոյ Տան մէջ մատուցուած կամաւոր ծառայութիւնը իւրայատուկ արժէք ունի եւ կ՛ամբողջացնէ հայ ազգաշէն ու եկեղեցանուէր ծառայութեան ծիրը, ապա ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայրապետին կատարելիք հովուապետական այցելութեան եւ թելադրեց, որ տեղւոյն ծխական համայնքը՝ գլխաւորութեամբ Հոգաբարձութեան դիւանին, շուտով նախաձեռնէ հովուապետական այցելութիւնը ընդունելու կոչուած յատուկ յանձնախումբի մը կազմութեան։
Անդրադառնալով՝ հայրապետական 2025 տարուան «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորում» հռչակագիրին՝ առաջնորդը գործնական ցուցմունքներ կատարեց հոն արձանագրուած կէտերու իրագործման կապակցութեամբ, ծխական համայնքի պատասխանատուներուն թելադրելով պարտն ու պատշաճը:
6 Ապրիլին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «Մուտն ի վիրապն» տօնին առիթով, առաջնորդը հանդիսապետեց տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց, ապա շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ բոլոր Գրիգոր անունները ունեցողները, գնահատեց ծխական համայնքը եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շրջանի հայութեան:
Իր քարոզին մէջ, սրբազանը նախ պատումը կատարեց քրիստոնեայ Հայաստանի առաջին կաթողիկոսին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուելուն եւ ամբողջ 13 տարիներ, Աստուծոյ նախախնամութեամբ հոն ողջ եւ ապահով մնալուն: Երեւոյթը մեկնաբանելով՝ ան շեշտեց, որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ հիմնուած իր հաստատ հաւատքին շնորհիւ է որ Լուսաւորիչը անխուսափելի մահուան փոսին մէջ շարունակեց ապրիլ եւ թէ՝ այսպիսով ան նաեւ յաջողեցաւ հայաշխարհին գծով Աստուծոյ ծրագիրը իրականացնել՝ բացատրելով. «Գրիգոր Լուսաւորիչը 13 տարիներ ապրելէ ետք, դուրս պիտի գար գուբէն, պիտի բժշկէր հայ Տրդատ թագաւորը, որուն հրամանով ամբողջ Հայաստանը պետականօրէն քրիստոնեայ պիտի դառնար»:
Շարունակելով՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ «Մուտն ի վիրապն» տօնին հետեւողութեամբ 1931ին, օրուան Սահակ կաթողիկոսին կողմէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայր տաճարի (ի Լիբանան) ուխտի տօն հաստատման հանգամանքներուն եւ տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ՝ դիտել տալով, որ՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հաստատեց ոչ միայն իբրեւ եկեղեցի, այլեւ իբրեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին նոր նկարագիրը»:
Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած մատաղօրհնէքի հոգեհանգստեան աղօթքներուն մէջ, առաջնորդը յիշեց համայնքի հանգուցեալ կամաւորները, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան ննջեցեալ անդամները, ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Սագօ Պէզճեանը, որուն հայրը՝ Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան, ստանձնած էր օրուան մատաղին հովանաւորութիւնը, ի յիշատակ իր որդւոյն: