«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ Խնածախ գիւղի վարչական ղեկավար Սէյրան Միրզոյեան յայտնեց, որ գիշերը, գիւղին ուղղութեամբ դարձեալ կրակոցներ լսուեցան՝ նշելով, որ անոնք քանի մը վայրկեան կանգ կ՛առնեն, ապա դարձեալ կը շարունակուին: Վիճակը այսպէս է շուրջ ամիսէ մը ի վեր. Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը լուր կը տարածէ հայկական կողմին կրակ բանալուն մասին, իսկ հայկական կողմը կը հերքէ: Սակայն, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանային գիւղերէն կը հաղորդեն, որ ատրպէյճանական կողմը ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց ուղղութեամբ կրակ կը բանայ:
Անդրադառնալով տեղացիներու տրամադրութեան՝ Սէյրան Միրզոյեան ըսաւ, որ անհանգստութիւն կայ, մանաւանդ որ հիմա գիւղատնտեսական աշխատանքներով կը զբաղին:
Ասոր զուգահեռ, Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հերքել ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը եւ աշխատիլ, որ սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան գործիքակազմ մը յառաջանայ, որպէսզի սահմանային իրավիճակին մասին համապարփակ տեղեկութիւն ունենանք:
Պատասխանելով հարցումին, որ տեղեկութիւն ունի՞ արդեօք սահմանին վրայ ատրպէյճանական կողմի կուտակումներու մասին՝ ան ըսաւ. «Եթէ որեւէ ինֆորմացիա (տեղեկութիւն) լինի, որը փոխկապակցուած է ՀՀ անվտանգային իրավիճակի հետ, բնականաբար, մենք այդ ինֆորմացիան կը կիսենք հանրութեան հետ, դա միանշանակ է»: Ան գրեթէ նոյն պատասխանը տուաւ հարցումին, թէ արդեօք պատերազմի վտանգ կը տեսնէ՞: