Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայկական մամուլի մէկ անկիւնէն գողցուած լուր մը: Ատրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէկ փողոցը կնքած են (առանց միւռոնի) Ցեղասպանութեան հեղինակներէն՝ Էնվէր փաշայի անունով:
Արցախի դիմափոխումը աննախընթաց չէ: Ստեփանակերտը արդէն կը կոչեն Խանկենտի, ատենին, Ալիեւի մէկ արձանն ալ զետեղեցին տեղ մը: Թուրքիոյ մէջ, միւս ցեղասպանները շատո՜նց ի պատուի են…
Արցախի մէջ, ատրպէյճանական նորագոյն «նուաճումներուն» շարքին է հայկական եկեղեցիներու, հերոսներու յուշարձաններուն եւ ընդհանրապէս հայկական հետքերու փոշիացումը: Հիմա ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանը, որո՞ւ հոգը՝ Արեւմտեան Հայաստանի կոթողներուն փոշիացումը:
Երեւանի ՔՊապետն ու իր գործակիցները հիմա ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Արցախի հարց, ո՛րեւէ տեղ չունին իրենց օրակարգին վրայ. ո՛չ հող, ո՛չ գերի-պատանդ, ո՛չ իսկ Հայաստան ապաստանած բռնագաղթեալներու հանդէպ հոգածութիւն, եղածն ալ կը կրճատուի մաս առ մաս:
Ինչո՞ւ ունենան: Չէ՞ որ «Արցախը Ատրպէյճանի մէկ մասն է»՝ յայտարարեցին: Մէկուն մտքէն կ՛անցնի՞ այս խմբակէն ակնկալել, որ հոգածութիւն ցոյց տայ «նոր Հայաստան»ի սահմանէն դուրս գտնուող ո՛եւէ հայու նկատմամբ: Անոնք հիմնական առաքելութեան վերածած են ամէն քայլափոխի գործադրել Ալիեւներու պահանջները՝ ի վնաս Հայաստանի ու հայութեան: Պարգեւավճարները ինչո՞ւ են՝ կը կարծէք (հոն ցանկ մը կայ):
…Մի՜ զարմանար, սիրելի ընթերցող, եթէ վաղը-միւս օր, իբրեւ գնահատանք այս «ծառայութիւններուն» (չմտածե՜ս ստրկացում կամ դաւաճանութիւն բառերը գործածել), Ալիեւ որոշէ Էնվէր փաշայի անունով կոչուած փողոցին կողքի թաղերը կոչել Փաշինեանի, Սիմոնեանի, Աւինեանի եւ միւս «ականաւոր» ՔՊականներուն անունով: Իսկ թող ՔՊապաշտները ուրախանան եւ ցնծան, որովհետեւ «ազգընտիր»ները պաշտօնի-վարկի բարձրացում պիտի վայելեն: Վերջին գոնէ հինգ տարիներու, այդքա՜ն ձեռք-ոտք համբուրելներէ ետք, նման «պատիւի» արժանի ըլլալը նուազագոյնը պիտի ըլլայ:7 Ապրիլ 2025