
Սիւնիքի Մէջ ԹՈՒՄՕի գործունէութեան ընդարձակման ի նպաստ դրամահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 10 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն 9, հանրայայտ երաժիշտ եւ յօրինող Սերժ Թանգեանի «Գաւաթ» սրճարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Համահայկական ուսանողական միութեան։
Միութեան անդամներուն համար մասնակցութեան սակը 15 տոլար է, իսկ մնացեալներուն համար՝ 20 տոլար, եթէ ապահովուին մինչեւ Հինգշաբթի օր, որմէ ետք գինը պիտի բարձրանայ։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։
«Գաւաթ» սրճարանին հասցէն է՝ 1638, Colorado Boulevard, Los Angeles, California, 90041։
Հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար դիմել info@all-asa.org հասցէին։