Պոլսոյ Սահակ Մաշալեան պատրիարքը խստօրէն դատապարտ Պոլուի քաղաքապետ, Ժողովրդավարական հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) անդամ Թանճու Օզճանի հակահայ արտայայտութիւնները, կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթը:
«5 Ապրիլին, Օզճան, դիմելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտալլա Օճալանին՝ «Էքս»ի էջին վրայ գրած էր հետեւեալը. «Կ՛ուզէի, որ հայու ծնունդ հայրդ («հայ» բառը օգտագործած է իբրեւ նուաստացնող հանգամանք – Խմբ.) քեզ չ՛արտօներ ծնիլ, Օճալա՛ն: Տայ Աստուած, որ ասիկա քու վերջին տարեդարձդ ըլլայ, դաւաճան…»։ Աւելի ուշ այդ հրապարակումը ջնջուած էր:
«Հայ համայնքը, որ դարերով ապրած է այդ տարածքներուն մէջ, այս երկրի բնիկ եւ անբաժանելի մասն է: Հինաւուրց ժողովուրդը, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային կարեւոր ներդրում ունեցած է այս երկրի զարգացման մէջ, այսօր եւս կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ», յայտարարեց Սահակ պատրիարքը՝ նշելով, որ ատելութեան խօսքի օրինականացումը եւ խտրական արտայայտութիւններու անտեսումը անթոյլատրելի են:
«Պատրիարքը իշխանութիւններուն եւ հանրութեան կոչ ուղղեց՝ աւելի պատասխանատու արտայայտութիւններ օգտագործելու», գրած է «Ակօս»ը: