
Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ, «Դէպի նոր աշխարհակարգ» նիւթով 7րդ քաղաքական ֆորումին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Չաղրի Էրհան յայտնեց, որ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի գործողութիւնները կապ ունին Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար Ատրպէյճանի առաջադրած պայմանները գործադրելուն հետ։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ ան ընդգծեց, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի կը դառնայ, եթէ Հայաստան ճանչնայ Ատրպէյճանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը եւ ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: