Ատրպէյճանցիները կը շարունակեն կրակ բանալ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար եւ Խնածախ գիւղերուն ուղղութեամբ: Գիւղացիները եւ ընկերային ցանցերու զանազան օգտատէրեր կրակոցներուն մասին արդէն առաւել քան երկու շաբաթներէ ի վեր կ՛ահազանգեն, սակայն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ անոնք հայկական ուղղութեամբ չեն։
7 Ապրիլին եւս նախարարութենէն փոխանցեցին, որ սահմանագիծին երկայնքով երբեմն կ՛արձանագրուին անկանոն, ոչ թիրախային կրակոցներ, եւ թէ իրենք բազմաթիւ անգամներ յայտարարած են, որ հետեւողական կրակոցներու, էական կամ նպատակային ու թիրախային խախտումներու պարագային հանդէս կու գան պաշտօնական հաղորդագրութիւններով: «Պաշտպանական գերատեսչութիւնն ունի տեղեկատուական յստակ քաղաքականութիւն, որի հիմքում տարատեսակ հանգամանքներ, վերլուծութիւններ են», աւելցուցին նախարարութենէն:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր կարգին, ուղղակի հայկական կողմը կը մեղադրէ մնայուն կերպով. 7 Ապրիլին նոյն նախարարութիւնը դարձեալ պնդեց, որ գիշեր մը առաջ, երեկոյեան ժամերէն մինչեւ լուսաբաց հայկական ստորաբաժանումները ընդհատումներով կրակ բացին ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն վրայ` օգտագործելով հրաձիգներ: Ըստ այդ յայտարարութեան` Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները պատասխան գործողութիւններ կատարած են:
Երեւանէն այդ պնդումները հերքեցին: