Պաքուի յայտարարութենէն ետք Ատրպէյճանի խորհրդարանը՝ Միլլի մեճլիսին, միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ «ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ ականապատ դաշտերու ճշգրիտ քարտէսները փոխանցելու համար»:
«Միլլի մեճլիսը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի ընդունի իր պատասխանատուութիւնը Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման համար եւ փոխանցէ ականներու ճշգրիտ քարտէսները», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի յայտարարութեան մէջ:
Պաքու նոյն օրը աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ Հայաստանի տրամադրած ականապատ տարածքներու քարտէսներու ճշտութիւնը 25 տոկոս է` պահանջելով Երեւանէն «ճշգրիտ քարտէսներ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ըսաւ, թէ Հայաստանի քարտէսները ցոյց կու տան շուրջ 400 հազար ականներու տեղադրման վայրերը, սակայն իրական թիւը շուրջ 1.5 միլիոն է:
«Միջազգային ճնշումներէն ետք Հայաստան տրամադրեց որոշ քարտէսներ, բայց անոնք ընդամէնը 25 տոկոսով ճշգրիտ էին: Վերջին դէպքերու (ականներու պայթումներու) առաւել քան 55 տոկոսը պատահած է այդ քարտէսներուն մէջ չընդգրկուած տարածքներուն մէջ», յայտնեց Հաճիզատէ:
«Ականներու հարցին մէջ Հայաստանի այս մօտեցումը յաւելեալ ետքայլ մըն է յետ հակամարտութեան ժամանակաշրջանին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ուղղութեամբ», Հաճիզատէ` աւելցնելով, թէ Պաքու կ՛ակնկալէ, որ «Երեւան տրամադրէ բոլոր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէսները, որոնք պիտի ապահովեն ներքին տեղահանուածներու ապահով վերադարձը եւ քանդուած շրջաններու վերակառուցումը: