CNA-ը (Catholic News Agency) հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներուն մասին: Յօդուածին հեղինակը` թերթին Ուաշինկթընի թղթակից Մատլէն Էլհապալ այս նիւթին մասին զրուցած է Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբան եւ յայտնի իրաւապաշտպան Ճերըտ Կենսըրի հետ:
«Միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպանը կոչ կ՛ուղղէ Թրամփի վարչակազմին՝ կատարելու իր նախընտրական խոստումը եւ հայ քրիստոնեաներուն համար միջամտելու, որովհետեւ վերջերս բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրը կը սպառնայ ռազմագերիները ձգել անօգնական վիճակի մէջ: Մեր պահանջը վարչակազմին սկիզբէն ի վեր շատ յստակ եղած է. հայ քրիստոնեայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը պէտք է նախապայման ըլլայ (խաղաղութեան պայմանագիրի) յառաջխաղացքին համար. այդ եղած է վարչակազմին դիրքորոշումը», կ՛ըսէ Կենսըր, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ Վարդանեանին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդին, չի թոյլատրուիր ունենալ Աստուածաշունչ, ինչ որ, ըստ անոր, «միայն կ՛ամրապնդէ այն, որ անոր եւ Լեռնային Ղարաբաղի այլ առաջնորդներու հալածանքը բացառապէս այն պատճառով չէ, որ անոնք եղած են այսպէս կոչուած «անկախացող հանրապետութեան» ներկայացուցիչներ, այլ պայմանաւորուած է նաեւ անոնց քրիստոնեայ ըլլալու հանգամանքով»:
«Մենք նաեւ տեսած ենք ցեղային զտումէն ետք հայկական եկեղեցիներու եւ հայկական ժառանգութեան այլ յուշարձաններու հիմնայատակ քանդումը», կ՛աւելցնէ Կենսըր:
Վարդանեանի դէմ առաջադրուած են 42 առանձին մեղադրանքներ: Անոր դատավարութիւնը կը կատարուի ռազմական դատարանին մէջ, հակառակ անոր որ ան երբեք զինուորական չէ եղած: Ըստ Կենսըրի՝ բանտարկուելէն ետք, Վարդանեան երկու անգամ հացադուլ յայտարարեց. 23 օրեր տեւեց անոր վերջին հացադուլը, որուն ընթացքին ան շուրջ 7 քիլօ կորսնցուց:
Ըստ Կենսըրի՝ Վարդանեանը ազատ արձակելու՝ իր գործունէութեան մէկ մասը կը վերաբերի նաեւ բոլոր միւս հայ գերիներուն, Արցախի գաղթականներուն իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ իրական խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հարցերուն: «Երբ դուն կը ներկայացնես բարձր հեղինակութիւն ունեցող քաղաքական բանտարկեալ մը, գործունէութիւնդ չի վերաբերեր բացառապէս անոր: Իրականութեան մէջ հոս խօսքը դատերու աւելի լայն շրջանակին նայելու եւ անոնց լուծման համար ջանքեր գործադրելու մասին է», կ՛ըսէ Կենսըր՝ աւելցնելով, որ նախագահ Տոնալտ Թրամփ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին խոստացած էր պաշտպանել հալածանքներու ենթարկուող հայ քրիստոնեաները՝ դատապարտելով Արցախի մէջ տեղի ունեցածը իբրեւ «ցեղային զտում»: Այժմ, գերիները ազատ արձակելը «նոր վարչակազմին համար առաջնահերթ հարց է»: