Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անհամբեր կը սպասէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան եւ վաւերացման։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուժանիւթային հարստութիւններու գրասենեակի աւագ խորհրդական Էրիք Ճէյքըպզ Պաքուի մէջ նախարարներու Հարաւային կազի միջանցքի խորհրդատուական խորհուրդի 11րդ եւ Կանաչ ուժանիւթի խորհրդատուական խորհուրդի 3րդ հանդիպումին ընթացքին։
«Ձեզ կը շնորհաւորեմ ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի աւարտին համար։ Նախագահ Թրամփ անհամբեր կը սպասէ անոր ստորագրութեան եւ վաւերացման, որովհետեւ կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը շրջանի տնտեսական զարգացումը պիտի ապահովեն», ըսաւ Ճէյքըպզ, որ աւելցուց, թէ կայուն խաղաղութիւնը վերջ պիտի դնէ շրջանային հակամարտութիւններու ոլորապտոյտին եւ ապահովութիւն ու բարգաւաճում պիտի բերէ Հարաւային Կովկասին։
«Մենք բարձր կը գնահատենք խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ճամբուն վրայ այս համարձակ քայլը», յայտարարեց Ճէյքըպզ։