


Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդին 2 Ապրիլի ժողովը առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ հայ հոգեւորականի մը՝ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի աղօթքով, իսկ նախքան նիստը, քաղաքապետ Շելի Պըրքլի Ատրուշան Էնտի Արմէնեանին շնորհեց «Ամսուան Քաղաքացի» կոչումը, դրուատելով քաղաքին եւ հայ համայնքին անոր մատուցած ծառայութիւնները։
Արմէնեան իր ընտանիքին հետ 2005ին հաստատուած է Լաս Վեկաս։ Իր ելոյթին մէջ, ան յիշեցուց, որ հայեր սկսած են Լաս Վեկասի հաստատուիլ 1911էն ի վեր, ու անոր պատմութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած են գործարար եւ բարերար Գըրգ Գրիգորեանի, մարզիչ Ճերի Թարխանեանի, Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լոիս Թարխանեանի, թենիսի վարպետ Անտրէ Աղասիի եւ գործարար Ալեք Եմէնէճեանի պէս հայորդիներ։
Երկար տարիներ Procter & Gamble ընկերութեան մէջ պաշտօնավարած Արմէնեան Լաս Վեկաս հաստատուելէ ետք, կալուածներու առուծախով զբաղած է եւ նուիրուած է հայ համայնքի բարգաւաճման ջանքերուն։ Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին հիմնելու եւ կառուցելու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու աշխատանքներուն մէջ, շարք մը այլ պատասխանատու պաշտպաններ ստանձնելու կողքին։
Ան 2008էն ի վեր մաս կը կազմէ քաղաքին Զբօսավայրերու յանձնաժողովին, իսկ 2015էն 2023 եղած է Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը։