Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի 3 Ապրիլին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ Իրան յոյս ունի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան զսպուածութեան միջոցով պիտի անցնին այն ճամբան, որ վերջապէս պիտի առաջնորդէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու:
Ան շեշտեց, որ տարածաշրջանը չի դիմանար որեւէ լարուածութեան: «Յոյս ունինք, որ բոլոր կողմերը պիտի պահպանեն այդ սկզբունքները՝ խաղաղութեան եւ հանգստութեան հասնելու համար»:
Դեսպանը աւելցուց, որ Իրան կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ: «Մեր զրոյցներուն, քննարկումներուն ընթացքին կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ ընթանալ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ: Իրան պատրաստ է օգնելու, որպէսզի խաղաղութիւնը պահպանուի, զինադադարը չխախտի, եւ կողմերը կարենան հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելուն: Կը կարծեմ, թէ այս առումով, 3+3-ը բաւական լաւ ձեւաչափ է: Օգտագործելով այդ ձեւաչափը՝ մենք կրնանք ուղղուիլ դէպի խաղաղութեան հաստատումը», յայտնեց Սոպհանի:
Անդրադառնալով շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, որ Ատրպէյճան մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը ներածէ Իսրայէլէն՝ դեսպանը ընդգծեց, որ իրենք դէմ են տարածաշրջանի ռազմականացման: «Մենք Ատրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք. Ատրպէյճան մեր դրացին է, մենք կ՛օգտագործենք այն կապերը, զորս ունինք Ատրպէյճանի հետ, ամէն ինչ կ՛ընենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Ամէն պարագայի մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանային զարգացումներուն», եզրափակեց Սոպհանի: