Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հաղորդեց իր 5000րդ պարեկութիւնը կատարելուն մասին։
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը այսօր հպարտութեամբ կը նշէ կարեւոր փուլ մը՝ առաքելութեան հաստատումէն ի վեր, մենք իրականացուցինք մեր 5000րդ պարեկութիւնը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջի վրայ գրառումին մէջ կ՛ըսէ առաքելութիւնը՝ աւելցնելով. «Մեր նուիրուածութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան աջակցելուն, կը մնայ անսասան: Երախտապարտ ենք վստահութեան համար, զոր Հայաստան կը ցուցաբերէ մեզի նկատմամբ»: