
2 Ապրիլին Պռոշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պայքարի նուիրեալ, դաշնակցական ազատամարտիկ, Պռոշեանի հրամանատար եւ նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը:
Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան օրուան առիթով, անոր շիրիմը այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ կուսակցականներ` յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին:


Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան 2 Ապրիլ 2013ին սպաննուեցաւ գիւղապետարանին մօտ: Դիակի քննութենէն ի յայտ եկաւ, որ ան գլուխէն՝ աջ ականջին մօտ փամփուշտ մը ստացած էր: Դէպքէն երկու օր ետք` 4 Ապրիլին, սպանութիւնը կատարելու կասկածով ձերբակալուեցան նոյն գիւղի բնակիչներ Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեանները: Սակայն որոշ ժամանակ ետք անոնք ազատ արձակուեցան:
Մինչեւ այսօր, Մուրադեանի սպանութեան դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործով ճշգրիտ մանրամասնութիւններ չկան։