
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած երանելի Ինգնատիոս Շուքրալլահ Մալոյեան՝ Մարտինի հայ կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդը սուրբ պիտի հռչակուի։
Եկեղեցին պիտի ունենայ երեք նոր սուրբեր, երանելի մը եւ նոր Աստուծոյ ծառայ մը։ Փրանկիսկոս (Ֆրանսիս) պապը 28 Մարտին վաւերացուց անոնց սրբադասման եւ երանացման դատի գործընթացները։
Շուքրալլահ Մալոյեան ծնած է 1869ին, Մարտին, այսօրուան Թուրքիոյ մէջ։ Մանկութենէն ան ցոյց կու տայ աղօթքին նկատմամբ իր սէրը։ 1883ին մուտք կը գործէ Զմմառու վանքը` Լիբանան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական կղերի միաբանութիւն։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1896ին՝ ստանալով Իգնատիոս անունը։ Կ՛ուղարկուի նախ Աղեքսանդրիա, ուր կը փայլի իր քարոզներով, թէ՛ արաբերէն, թէ՛ թրքական լեզուներով, ապա կը նուիրուի հովուական առաքելութեան եւ սուրբ գրութիւններու ուսումնասիրութեան։ Ան ապա կը նշանակուի Գահիրէի պատրիարքական փոխանորդ, բայց յաջորդ տարի կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա, տեսողութեան հարցերու պատճառաւ։ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան կաթողիկոս-պատրիարքը զայն կը կոչէ Կ. Պոլիս՝ իբրեւ իր անձնական քարտուղարը, բայց, ան 1904ին կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա՝ շարունակելու իր տեսողութեան դարմանումները, նաեւ՝ իր առաքելութիւնը։
Վեց տարի ետք, ան կը նշանակուի Մարտինի պատրիարքական փոխանորդ եւ 1911ին, Հռոմի մէջ կը մասնակցի Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սինոդոսին, որ տեղի կ՛ունենայ Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին մէջ. այս սինոդոսին ընթացքին կը քննարկուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը Երիտասարդ թուրքերուն իշխանութեան գլուխ անցնելուն պատճառով։ Նոյն սինոդոսին ընթացքին ան կ՛ընտրուի Մարտինի արքեպիսկոպոս եւ իր թեմը մեկնելով՝ կը սկսի իր առաքելութեան, յատկապէս զբաղելով կղերական դասին կազմաւորումով։
Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ կը սկսին բռնի զինուորագրումները ու մանաւանդ քրիստոնեաներու դէմ ու յատկապէս հայերու դէմ հալածանքները եւ խոշտանգումները։ Մալոյեան արքեպիսկոպոսը կը ջանայ լեզու գտնել իշխանութիւններուն հետ, բայց եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքները եւ յարձակումները կը շարունակուին ու բոլորը խուզարկումներու կ՛ենթարկուին։
3 Յունիս 1915ին՝ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, Մալոյեան կը ձերբակալուի 13 քահանաներու եւ 600 հաւատացեալներու հետ։ Մերժելով ուրանալ իր հաւատքը՝ ան կը սպաննուի 11 Յունիս 1915ին։
Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի օրով, 7 Հոկտեմբեր 2001ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով, եւ անոր նահատակութեան մասին տեղեկացաւ ամբողջ աշխարհը։
Անոր խօսքերը, ուսուցումները եւ մասնաւորապէս անոր սէրն ու զինք հալածողներուն նկատմամբ ներումը համայն եկեղեցւոյ համար վաւեր եւ թանկ օրինակներ են. ապրիլ Աւետարանին նկատմամբ հաւատարմութեամբ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն. այդ իսկ պատճառով, գիտակցելով այս վկայութեան արդիականութեան՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս 21րդ Մինասեան խնդրած է զայն դասել սուրբերու շարքին, անկախ անոր գործած հրաշքներէն, եւ ահա այս դիմումին բերումով է որ Փրանկիսկոս պապը արտօնեց անոր սրբադասումը։
Վատիկան