ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականին կազմակերպութեամբ՝ 11 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքին «Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.) պիտի տրուի «Ցեղասպանութեան ուրացումը թուայնացման ժամանակաշրջանին» նիւթով դասախօսութիւնը։
Համացանցի ժամանակաշրջանին Անգարայի կողմէ շարունակուող ուրացման արշաւին նուիրուած նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան, որ 2023ին հրապարակած էր այս նիւթը արծարծող իր՝ Denial of Genocides in the Twenty-First Century («Ցեղասպանութեանց Ուրացումը 21րդ Դարուն») հատորը։
Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան Նըպրեսքայի համալսարանի Լինքընի մասնաճիւղին մէջ կը դասախօսէ եւ հեղինակը, խմբագիրը եւ համախմբագիրն է շարք մը պատմաբանական ու ուսումնասիրական հատորներու
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube-ի միջոցաւ, կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։