
ՄԱՐԻ ՔԱՐԲԱՆԵԱՆ
Համազգային Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին հերթական դասախօսութիւնը՝ Ս․ Ներսէս Շնորհալիի Տաղերուն նուիրուած, տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Մարտին, «Զում» հարթակով։
Երեկոն թափ առաւ Ներսէս Շնորհալիի «Նոր Ծաղիկ» հոգեզմայլ երգեցողութեան հոգեպարար ապրումներով։ Գրական միաւորիս ներկայացուցիչ Սոնա Մատարեան ողջոյնի ջերմ խօսքերով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ յատկապէս նշելով, որ օրուան նիւթը իւրայատուկ էր՝ մեր ազգային եւ Քրիստոնէական ծաղկունքի բնոյթով, զոր պիտի ներկայացնէր բանախօս եւ հեղինակ դոկտ․ Ճեսի Սիրական Արլէն։
Ապա ան հրաւիրեց Գրական միաւորի անդամ Արթիւր Սիրքէճեանը՝ ներկայացնելու յարգելի դասախօսը։ Դոկտ. Արլէն մասնագիտացած է գրաբարի եւ այլ լեզուներու, ինչպէս՝ լատիներէնի, յունարէնի եւ եբրայերէնի մէջ։ Ան դասաւանդած է գրաբար համալսարաններու մէջ եւ անհատական դասընթացքներով, ուսումնասիրած է աստուածաբանութիւն, գրած է յօդուածներ, տուած է դասախօսութիւններ եւ վերջապէս իր բեղուն գործունէութեան եւ աշխատանքին քաղցր արգասիքը եղած է իր երկրորդ գիրքը՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ Տաղք»ը։
Դոկտ. Արլէն շնորհակալութիւն յայտնեց Գրական միաւորին, ապա համեստօրէն ըսաւ, թէ այս գիրքը առաջին անգամն էր, որ հայերէնով կը ներկայացնէր հանրութեան։ Իր անկեղծ արտայայտութիւնը տպաւորիչ եւ մեծապէս գնահատելի էր մասնակցողներուն համար եւ անոնք ունկնդրեցին անաղարտ հայերէնով ներկայացուած նիւթը։
Յարգելի բանախօսը հակիրճ կերպով ներկայացուց Շնորհալիի կեանքը եւ գործունէութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Շնորհալի սերած էր կաթողիկոսական ընտանիքէ մը։ Ան եղած էր 8րդ կաթողիկոսը, շառաւիղ կաթողիկոսներու Պահլաւունի տոհմին։ Ան շնորհալի անուանումը ստացած էր՝ իբրեւ յաջող աշակերտ: Ան ապրած էր Կիլիկիոյ մէջ, սակայն միշտ կապ պահած էր արտաշխարհին հետ, ազգային եւ քաղաքական գետնի վրայ։ Շնորհալիի ժամանակամիջոցին գրաբարը սկսած էր նահանջել եւ անհասկնալի դառնալ աշխարհիկ մարդուն, քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով։ Ի տես այս երեւոյթին՝ Շնորհալի սկսաւ միջին հայերէնով գրել, որպէսզի աշխարհիկ մարդիկ կարենան կարդալ։ Ան գրած էր՝ բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ հանելուկներ։ Շնորհալի կրցած է իրագործել իր գլխաւոր նպատակը՝ միջին հայերէնով հասկանալի ըլլալ աշխարհիկ մարդուն։
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Շնորհալիի տաղերուն, որոնք թէեւ եկեղեցւոյ մէջ այլեւս չեն երգուիր, սակայն «անոնք նոյնքան գեղեցիկ քերթուածներ են, յանգերով չափածոյ, դիւրընթեռնլի եւ հաճելի»։
Դոկտ. Արլէն անդրադարձաւ իր գրքին, ներկայացնելով տաղեր, զորս ան հմտօրէն թարգմանած էր գրաբարէ աշխարհաբարի եւ անգլերէնի։ Հեղինակը իր գիրքէն կարդաց քանի մը քերթուածներ եւ հանելուկներ՝ ցոյց տալու համար անոնց դիւրասահ, գեղեցիկ եւ հաճելի ընկալումը. միջին հայերէնով գրուած էին հանելուկները, որոնք կը կարդացուէին խրախճանքներու հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով։ Հետաքրքրական էին հանելուկներուն կրօնական պատասխանները։
Դոկտ. Արլէն միտքի եւ հոգիի հարուստ գիտելիքներով եւ հայերէնի հարուստ բառապաշարով ներկայացուց իր գիրքը։ Իր հաճելի խօսելաոճով եւ հեզասահ ընթերցումներով՝ ան ներկաները հաղորդակից դարձուց իր ջերմութեան եւ անոնք զգացին անոր յատուկ սէրը տաղերուն հանդէպ եւ անոր՝ գեղեցիկին ըմբռնումը։
Աւարտին, Մատարեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ամերիկահայ երիտասարդ հեղինակին՝ անոր հայերէնախօս հրաշալի ու հպարտութիւն պատճառող ներկայացումին համար եւ գրասէր ներկաներուն՝ մասնակցութեան համար։
Սոյն երեկոն անզուգական էր, որովհետեւ ունկնդիրները մեծ հետաքրքրութեամբ վայելեցին իւրայատուկ դասախօսութիւն մը գեղեցկօրէն ընդելուզուած եկեղեցական, գրական եւ բանաստեղծական նիւթերով։
Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ» շարականի քաղցր հնչողութեամբ ներկաները հոգեպէս լիացած բաժնուեցան իրարմէ։
Արժանի նշում մը՝ երիտասարդ դասախօսը միայն 21 տարեկան էր, երբ հայերէն սորվիլ սկսաւ։
Պատի՛ւ արժանաւորաց։