Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք խօսեցաւ ԵԱՏՄի անդամակցութեան մասին՝ ըսելով. «Եթէ Հայաստան անդամակցի Եւրոպական Միութեան, Մոսկուա ստիպուած պիտի ըլլայ վերանայելու Երեւանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը: Անշուշտ, մենք ուշադիր կը հետեւինք այդ գործընթացներուն: Մենք կը հասկնանք, որ եթէ Հայաստան կը շարժի դէպի Եւրոպա, պէտք պիտի ըլլայ վերանայելու տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը։ Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՏՄը այդպիսի օրակարգեր ունին եւ, հետեւաբար, երկիրը պէտք է ընտրութիւն կատարէ՝ կարելի չէ նոյն ատեն երկու աթոռի նստիլ»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի խորհրդարանը նախօրէին ամբողջութեամբ ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին մասին օրինագիծը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները մնայուն կապի մէջ են, եւ բազմակողմ քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի:
Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի վարչապետը ընդունեց Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին 80ամեակին առիթով Մոսկուա այցելելու հրաւէրը, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ փոխնախարարները կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւններ կը վարեն, կը գործեն միջկառավարական եւ միջխորհրդարանական գործիքակազմերը:
Ըստ Զախարովայի՝ տնտեսական կապերը եւս կը զարգանան. նախորդ տարի ապրանքներու շրջանառութիւնը մրցանիշ սահմանեց՝ հասնելով գրեթէ 12 միլիառ տոլարի:
«Կը կարծեմ, թէ Երեւանի մէջ կը զգան ԵԱՏՄին մասնակցելու գործնական օգուտը», ըսաւ Զախարովա՝ նոյն ատեն ընդգծելով, որ, անշուշտ, կան լուծում չստացած հարցեր: «Մենք այդ հարցերը կը քննարկենք եւ յոյսով եմ՝ լուծումներ պիտի գտնուին», ըսաւ Զախարովա: