ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Անհատական, ընկերական, միութենական ու նոյնիսկ կուսակցական գետնի վրայ, առաւել կամ նուազ չափով լսած ու ապրած եմ տարակարծութիւններ, վէճեր ու նոյնիսկ ըսի-ըսաւներ, բայց վերջինը, որուն ականատես եղայ, ասոնցմէ բոլորովին տարբեր էր։ Պետական մակարդակի վրայ, Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիի ու Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ եղած աննախընթաց, չըսելու համար խայտառակ, փոխադարձ ձեւով եղած այն վերաբերմունքն էր, որուն մանրամասնութիւններուն, ինծի պէս, հեռուստատեսիլի պաստառներէն տեղեակ մնաց գրեթէ ամէն, մարդաշխարհի չորս ծագերուն:
Մատնացոյց ընելով Զելենսքիին, Թրամփ՝ «Ես խաղաղութիւնը սիրող մարդ եմ» կ՛ըսէ։ Ընտրութիւններուն նախօրեակին ալ, չէ՞ որ յոխորտանքով մը պարզ ժողովուրդին միամտութիւնը օգտագործած՝ «Եթէ ես նախագահ ըլլայի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այս պատերազմը տեղի չէր ունենար» ըսած էր… ու այսօր՝ ձիթենիի հաշտարար ճիւղը ձեռքին, բանակցութեան սեղանին նստած՝ խաղաղութիւն կնքելու համար, ներսը, դուրսը, հինն ու նորը իրարու խառնած՝ ու բոլորին զարմացնելով՝ Ուքրանիոյ սեփական հանքային հարստութեան բաժնեկից դառնալու առաջարկին հետ, տարիներու ընթացքին պատերազմի համար անոր շնորհուած դրամական աջակցութիւնն ալ, որպէս ճիտի պարտք, ամբողջութեամբ վերադարձնել կը պահանջէ:
Հիմա դուք ըսէք, նման պայմաններով հանդէս եկողը խաղաղասէ՞ր է, թէ՞ դրամասէր… Առաջինէն կը կասկածիմ, բայց յաջողակ գործարար մը ըլլալուն համար, երկրորդին հետ համաձայն եմ. փա՞ստ, դրամի սիրոյն հարցերու լուծում գտնելու փոխարէն՝ զանոնք բարդացուցած՝ մէկ օր առաջ ըսածը, երկրորդ օր՝ «Ե՞ս նման բան ըսի»ի արդարացումով՝ պետութիւններու միջեւ եղած տարիներու լաւ յարաբերութիւնները կասկածի տակ առած՝ միա՛յն, իր ես-ը ցուցադրելով՝ նոր բացայայտումներ կ՛ընէ, ասոր-անոր վրան տուրքեր կը դնէ, «Փանամայի ջրանցքը Ամերիկային պիտի վերադարձնեմ» կ՛ըսէ, աւելին՝ պաղեստինեան «Կազան իր բնակիչներէն պարպելով՝ զայն պիտի վերաշինեմ ու Արեւելքի «Ռիվիերա»ին վերածեմ», ու տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՜ր…:
Ահաւասիկ, նոր օրերու «Ընկեր Փանչունի»ն, կ՛ըսեմ ինքզինքիս, բայց շատ չանցած, քիչ մըն ալ մտահոգ, ո՞ւր մնաց ՄԱԿը, ի՞նչ կ’ընէ Արաբական լիկան, կը մտածեմ. «Խենթը մինակ կը թողուն» ժողովրդական առածին վստահա՞ծ է որ երկուքը կը գործեն… անկախ՝ որ ինծի համար այս երկու կազմակերպութիւններն ալ իրենց ծրագիր-կանոնագիրներով, տան պատերը զարդարող գրադարաններու գիրքերուն պէս, մէկը՝ առանց կարդացուելու, միւսին որոշումները՝ առանց գործադրուելու, մեռած են արդէն…
Այսքանը արտաքին գետնի վրայ, իսկ ներքի՞ն… անշուշտ չենք մոռցած փոփոխութիւններ ընելու սիրոյն, ամէն ինչ տակն ու վրայ ըրած՝ իրարու ետեւէն գաղթականներ դուրս նետելու հետ, տեղացի ամերիկացիներուն ալ գործազուրկ ընելու իր յայտարարութիւններու շարքը:
Այս ամէնուն մէջ զիս յուզողը պաղեստինցիներուն վիճակն է․ երեւակայեցէ՛ք, եթէ մէկը փորձէ բնակարանդ գրաւել ու բռնի ուժով քեզ հոնկէ դուրս շպրտել… ի՞նչ կ՛ընես…․ կը յուզուի՞ս, կը ջղայնանա՞ս, կը վրդովի՞ս, չէ՞… իսկ երբ քեզմէ ամբողջ հայրենիքդ է որ կը խլեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ անմիջական զգացումդ ու յետագայի կեցուածքդ եղածին հանդէպ, գիտե՞ս…
Այս հարցումը պաղեստինցի ժողովուրդին հետ մեր ունեցած ճակատագրի նոյնութեամբ, միա՛յն ուրիշներու է որ կը հարցնեմ…
Երէկ՝ 110 տարի առաջ մենք կորսնցուցինք մեր հայրենի հողը, Սասունը, Մուշն ու Վանը, անոնց ողբով շարունակեցինք ապրիլ․ այսքանը բաւարար չէր կարծես, վրայ հասաւ նոր օրերու Արցախի բռնագրաւումը ու տարիներ ամբողջ յուսադրուած, բայց կարօտախտով մը «Արարատի փէշերուն» երգը միասնաբար երգեցինք հա՛ երգեցինք…
Այսօր՝ ու այսօրուընէ աւելի, պաղեստինցի ժողովուրդին դարձեալ կը հանդիպինք, հայրենի հողին կանչը հեռուներէն լսած՝ Քարմելի կամ Կոլանի փէշերէն, անոնց երգը՝ աղօթքի պէս կրկնուած, աշխարհով մէկ վրէժխնդրութեան զգացումով պայքարած ու պիտի շարունակէ պայքարիլ, անկասկած…
Այս ամէնը մինչեւ ե՞րբ… Աստուա՛ծ իմ, մինչեւ ե՞րբ…, ինքզինքիս կ՛ըսեմ ու կ՛աւեցնեմ․ «Ո՞վ պիտի մաքրէ հաշիւը երկարաձգուած կամ կրկնուած այս ողբերգութիւններուն…»:
Նոր օրերու Սասունցի Դաւիթնե՞ր… Արաֆաթնե՞ր, թէ՝ Իսրայէլէն բացի՝ փոքր պետութիւններ հաշուի չառնող «Ընկեր Փանջունի»նե՞ր. ո՞վ, ըսէ՛ք ո՞վ…: