
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը տարիներէ ի վեր, հետեւողական կերպով լծուած է նոր սերունդին մօտ հայերէնի գործածութիւնը աշխուժացնելու էական գործին: Հաւատալով լեզուի պահպանման, առօրեայ գործածութեան կարեւորութեան եւ լեզուն ճիշդ ձեւով փոխանցելու հրամայականին՝ Խնամակալ մարմինը գաղութի մակարդակով իրականացուցած է զանազան ծրագիրներ:
8 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Խնամակալ մարմինը կը հրաւիրէ իր կազմակերպած արդի հայ բանաստեղծութեան նուիրուած երեկոյին, որուն ընթացքին կլոր սեղանի մը շուրջ, առիթ պիտի ընծայուի հանրութեան եւ մեր վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան՝ լսելու արդի հայ գրականութեան ներկայացուցիչներու գործերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ՝ հետեւելու ներկայ հայ գրական իրավիճակին, անոնց կարծիքներուն եւ քննարկումներուն ընդմէջէն:
Կլոր սեղանին կը մասնակցին արեւմտահայ բանաստեղծութեան ներկայացուցիչներ՝ Տիթրոյթէն՝ Թամար Պոյաճեան, Լոս Անճելըսէն՝ Արա Գազանճեան եւ Վիգէն Յովսէփեան, իսկ Հարաւային Ամերիկայէն՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Ձեռնարկը բաց է բոլորին, բայց անոր թիրախն են 11-12րդ կարգերու հայ աշակերտները, որոնք սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն հայ գրականութեան նկատմամբ եւ նոյնիսկ կը փափաքին մաս կազմել օրուան յայտագիրին:
Երեկոյին ընթացքին, հայ պատանի-երիտասարդը անմիջական կամրջումը պիտի զգայ եւ ապրի հայ գրականութեան իր դասագիրքին եւ իր ապրած ներկային միջեւ:
Խնամակալ մարմինը այսպսի ձեռնարկներ պատեհ առիթ կը համարէ հայ երիտասարդը ծանօթացնելու եւ հաղորդակից դարձնելու այն անհատներուն հետ, որոնք ոչ շատ երկար տարիներ առաջ իրենց նստած գրասեղաններէն անցած են եւ այսօր մասնագիտական իրենց կեանքը աւելիով կ՛իմաստաւորեն եւ արդարօրէն կ՛ազնուացնեն հայերէնով ստեղծագործելով: