Ֆրանսական-գերմանական ARTE պատկերասփիւռի կայանը ներողութիւն խնդրեց ցոյց տալուն համար սխալ քարտէս մը, ուր Հայաստանը ջնջուած է: Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ գրած է ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչ եւ լրագրող Գրիգոր Ամիրզանեան:
«28 Րոպէ» շոուի (յայտագիրի) հաղորդավար Էլիզաբեթ Քուինն ասել է, որ հաղորդաշարի անձնակազմը ցանկանում է ներողութիւն խնդրել յատկապէս հայ ընկերներից սխալ քարտէզի համար, որը երէկ ցուցադրել ենք Թուրքիայի վերաբերեալ բանավէճի ժամանակ», ըսաւ Ամիրզանեան։
24 Մարտ 2025ին, ARTEfr-ի «28 Վայրկեան» յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ աշխարհաքաղաքական քարտէս, որուն վրայ ներկայացուած էին Թուրքիան եւ անոր դրացի երկիրները: Այդ քարտէսին վրայ Հայաստան ամբողջութեամբ ջնջուած էր: Անոր փոխարէն Ատրպէյճանը ներկայացուած էր ընդլայնուած՝ մինչեւ Թուրքիոյ սահմանը: Հաղորդումէն հատուած մը ներկայացուցած էր օգտատէր ֆրանսաբնակ Սիմոն Կարապետեան: Ան տեղեկացուց, որ հայկական մշակութային «Հայաստանի Գանձեր» կազմակերպութիւնը արդէն պաշտօնական նամակ ուղարկած է ARTE-ի ղեկավարութեան եւ կը սպասէ պատասխանի: Միջադէպը Ֆրանսիայի մէջ աննկատ չանցաւ:
Le Figaro ամսագիրի փոխտնօրէն Ժան Քրիստոֆ Պիւսոն եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը արձագանգեցին անոր՝ յայտարարելով, որ այդ անընդունելի է եւ «կը մարմնաւորէ փանթրքական երազանքը»: