
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ տարածաշրջանի կացութիւնը եւ մագլցումի մը հաւանականութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հանդիպումին յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արաղճի զգուշացուց, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ կացութեան մագլցումի մը վտանգը կը տեսնէ։ Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Ան քանի մը անգամ կրկնեց Թեհրանի՝ արդէն տարիներով հնչող տեսակէտը` Իրան կ՛աջակցի տարածաշրջանի երկիրներուն տարածքային ամբողջականութեան եւ դէմ է միջազգային սահմանի որեւէ փոփոխութեան. հարցերը պէտք է լուծուին երկխօսութեամբ, առանց ուժի կիրարկման:
«Կը կարծենք, թէ Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար այդ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է. այդ հարցը շատ կարեւոր է նաեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար, եւ յոյս ունինք, որ այն հարցերը շուտով պիտի լուծուին, եւ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի: Մագլցումի մը վտանգը կայ տարածաշրջանին մէջ, եւ մենք յոյս ունինք, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պարագային այդ վտանգները նուազագոյնին պիտի հասնին, եւ մենք ականատես պիտի ըլլանք կայունութեան, որ կը բխի բոլորին շահերէն», շեշտեց Արաղճի։

Սիւնիքով միջանցքի մը գաղափարէն չի հրաժարիր Ատրպէյճան եւ Հայաստանի իշխանութեան առաջարկած ապաշրջափակման տարբերակը ամիսներով անպատասխան կը ձգէ: Պատասխանելով հարցումին, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ Իրան, եթէ Ատրպէյճան փորձէ ռազմական ուղիով լուծել հարցը. Արաղճի ըսաւ, որ իրենք այդպիսի քայլի մը դէմ են: Ան կը կարծէ, թէ Հայաստանի իշխանութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը մեծ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու զարգացման համար:
«Մենք կը կարծենք, թէ հարցերը տարածաշրջանին մէջ պէտք է լուծուին երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով, եւ դէմ ենք տարակարծութիւնները լուծելու որեւէ ռազմական քայլի», յայտնեց Արաղճի՝ աւելցնելով, որ հաղորդակցութիւններու եւ տարանցիկ ուղիներու բացումը ընդունելի է, բայց անոնք պէտք է ըլլան երկիրներու գերիշխանութեան տակ, եւ պէտք է յարգուին երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ու ազգային օրէնքները:
«Իրան կողմ է, որ տարածաշրջանի երկիրները օգտագործեն հաղորդակցութեան եւ տարանցիկ ուղիները, բայց ինչպէս նշեցի, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու նկատմամբ յարգանքի եւ երկիրներու ազգային գերիշխանութեան ծիրին մէջ: Բացի այս, որեւէ այլ ուղի ընդունելի չէ», ըսաւ Արաղճի՝ յայտնելով, որ նախարար Միրզոյեանի հետ քննարկեցին նաեւ Արաքս գետին վրայ նոր կամուրջ մը կառուցելու հարցը:
Միրզոյեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ այս պահուն չկայ ըմբռնում՝ ո՛ւր եւ ե՛րբ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը: Ան կրկնեց, որ Երեւան պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ պայմանագիրին տակ իր ստորագրութիւնը դնելու:
Արաղճի իր յայտարարութիւններուն մէջ նաեւ յայտնեց, որ Իրան տակաւին չէ արձագանգած Միացեալ Նահանգներու նախագահին նամակին, բայց պատասխանը պատրաստութեան փուլին մէջ է, եւ զայն պիտի ուղարկեն: Այս ամիս Տանըլտ Թրամփ Թեհրանին տուաւ երկու ամիս՝որոշելու համար, որ նոր բանակցութիւններու մէջ պիտի մտնէ՞, թէ պիտի բախի աւելի խիստ պատժամիջոցներու:
«Ազատութիւն»ը հարցուց, որ Իրան պատրա՞ստ է Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու սկսելու: «Ամերիկայի հետ բանակցութիւններուն մէջ մեր դիրքորոշումը յստակ է. մենք ճնշումներու եւ ռազմական սպառնալիքներու, տնտեսական պատժամիջոցներու խստացման պայմաններուն մէջ Ամերիկայի հետ չենք ունենար ուղիղ բանակցութիւն, բայց Իրանի Հանրապետութիւնը միշտ պատրաստ է իր խաղաղ հիւլէական ծրագիրին շուրջ թափանցիկութիւն ստեղծելու համար բանակցիլ: Հիմա ալ մենք եւրոպական երեք եւ շահագրգիռ միւս երկիրներուն հետ ունինք բանակցութիւններ, եւ ընդհանուր առմամբ, մեր ծրագիրի հարցով մենք երբեք չեն հեռացած եւ չենք հեռանար բանակցութիւններու սեղանէն», պատասխանեց Արաղճի:
Արաղճին Երեւանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց Թեհրանի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Ան ընդգծեց տարածաշրջանի սահմաններու անխախտելիութեան կարեւորութիւնը:
Փաշինեան եւ Արաղճի խօսեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Փաշինեան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգի իրագործման: Իսկ Արաղճի յայտնեց իր երկրին աջակցութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան՝ աւելցնելով, որ անիկա պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման:
Անդրադառնալով Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններուն՝ Արաղճի ըսաւ, թէ անոնք ունին ռազմավարական նշանակութիւն, իսկ տեղի ունեցող զարգացումներ աւելիով կ՛ընդգծեն երկկողմ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը: