Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման յանձնաժողովը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մեկնարկի վերաբերող օրինագիծին դրական եզրակացութիւն տուաւ: Հարցը երկրորդ ընթերցումով քննարկելու համար ներառուեցաւ 25 Մարտին մեկնարկող նիստերու օրակարգին վրայ:
Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին մասին նախագիծը, որ Ազգային ժողով հասած է «Եւրաքուէ» նախաձեռնութեան միջոցով, խորհրդարանը առաջին ընթերցումով ընդունած էր 12 Փետրուարին: