Անգլիական «Թայզմ»ի լրագրող Ճէյմզ Կիրպրենթ վերջերս հրապարակեց յօդուած մը Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի ասպարէզին մասին:
Կիրպրենթ կը գրէ Մխիթարեանի տաղանդին, նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ տարիքի սահմանափակումները յաղթահարելուն մասին:
Ստորեւ՝ հատուածներ այդ յօդուածէն.
«Վեթերանը ձեռք կը ձգէ ասպարէզի լաւագոյն ցուցանիշերը` Իտալիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբին հետ: Ո՞րն է անոր մղիչ ուժը վայելելու այն տարեշրջանները, զորս անոր հայրը, որ 33 տարեկանին ուղեղի քաղցկեղէ մահացաւ, երբեք չէ վայելած:
«Մխիթարեան «Տորթմունտ»ի հետ խաղցած տարիներուն նկատեց, որ անոր մականունը սխալ ձեւով կը տարածուի: Եուրկըն Քլոփ (օրուան մարզիչը) զինք «Միքի» կ՛անուանէր, եւ այդ անունը սկսաւ տարածուիլ… Յոյս ունենալով, որ այդ սխալը կը շտկուի, ան տարածեց ազնիւ յայտարարութիւն մը` գրելով. «Ես օտար երկիր եկած եմ եւ կը յարգեմ անոր օրէնքները եւ աւանդութիւնները. իմ կարգիս, կը փափաքիմ, որ անոնք ալ յարգեն իմ սէրս` հայրենիքիս եւ արմատներուս նկատմամբ»: Սակայն օրերը փաստեցին, թէ ան պարտուող պայքար կը մղէ: Վերջապէս ան սիրով ընդունեց ծածկանունը, նոյնիսկ օգտագործելով «Ինսթակրամ»ի իր հաշիւին վրայ, գրելով՝ «Միքի-Թարեան»:
«Քանի մը տարի ետք, երբ ան միացաւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ին, մարզիչ Մուրինիօ զինք «Միքի մաուս» անուանեց, ինչ որ զինք կը ջղայնացնէր:
«Անգլիոյ ֆութպոլի աշխարհին մէջ կեանքը լեցուն է անհեթեթութիւններով, եւ անարգանքով: Փոքր երկրէն ըլլալը մեծ երկիրներու ախոյեանութեան մէջ ոչ միայն կարելիութիւն է ազգային դրօշը կրելու, այլեւ բարդ գործընթաց` ինքնութեան կորուստի բազմաթիւ մարտահրաւէրներով, եւ դուն պէտք է ընտրես, թէ ո՛ր պայքարը աւելի կարեւոր է: Ամէնէն կարեւորը` խօսքը կը վերաբերի այս նուրբ խաղցողին, որ ծնած է Երեւան, Խորհրդային Միութեան օրերուն, եւ որուն լաւագոյն կողմերը ամբողջութեամբ չկրցանք տեսնել, ո՛չ ալ հասկցանք զայն` Անգլիոյ մէջ անցուցած իր տարիներուն:
«Ան «Շախտիոր»ի օրերուն, մրցումներէն 3 օրեր առաջ իր հեռաձայնը կ՛անջատէր` պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար: Ան այն ֆութպոլիստն է, որ Անգլիա տեղափոխուելէ ամիսներ առաջ ուսումնասիրած էր Մանչեսթըրի եւ Անգլիոյ ընկերային կեանքի պատմութիւնը, որպէսզի հասկնայ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ՛ապրին հոն, եւ ի՛նչը կը մղէ զիրենք դէպի յառաջ: Այս այն մարդն է, որ 7 լեզուներու կը տիրապետէ եւ ըսած է, որ եթէ ֆութպոլիստ չդառնար, իրաւաբան կ՛ուզէր ըլլալ:
«Ան 36 տարեկանին «Ինթեր»ի 4րդ ամէնէն շատ վայրկեանները խաղացած մարզիկն է եւ մարզիչին կողմէ յաճախ կը գնահատուի: «Մխիթարեան չափազանց խելացի խաղցող է՝ միշտ խումբին ծառայելու պատրաստ: Ան շատ կ՛աշխատի: Ան «Ինթեր»ի հետ իր ասպարէզի ամէնէն շատ ճշգրիտ փոխանցումներու քանակը ունի, ինչպէս նաեւ առաջին դիրքը կը գրաւէ մրցակիցէ գնդակ խլելու գծով, ինչպէս նաեւ՝ փոխանցումներով: Ճիշդ է, որ ան աւելի խորքը կը խաղայ, բայց կը շարունակէ ազդեցիկ ըլլալ նաեւ յարձակումներ կազմակերպելու մէջ: Եթէ «Ինթեր»ը շահի այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»ը՝ Մխիթարեան պիտի դառնայ պատմութեան առաջին մարզիկը, որ կը յաղթէ «Եուրոփա Լիկ»ը, «Քոնֆերենս Լիկ»ը, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ Լիկ»ը: Ան արդէն միակն է, որ խաղցած է այս բոլոր մրցաշարքերու աւարտականներուն: Իրեն համար գլխաւոր շարժիչ ուժը անձնական է: Անոր հայրը` Համլեթ Մխիթարեան տաղանդաւոր ֆութպոլիստ էր, որ Երեւանի «Արարատ»ին եւ Ֆրանսայի «Վալանս»ին հետ խաղցած էր, սակայն 33 տարեկանին մահացած ուղեղի քաղցկեղի պատճառով: Ինք կ՛ըսէ, որ իր նպատակ շարունակելն է այն, ինչը իր հայրը չկրցաւ աւարտել: Այսօր, ան 36 տարեկանին կը շարունակէ խաղալ ամէնէն բարձր մակարդակով` ապացուցելով, որ ֆութպոլի ուղին միայն անձնական նուաճումներու մասին չէ, այլ նաեւ յիշատակի տուրք` իր հօրը: Անոր ասպարէզի աշունը այդ տարիներն են, զորս իր հայրը երբեք չկրցաւ ունենալ», ըսաւ Մխիթարեանի մարզիչը: