Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր մրցակից, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու Կիրակի օր պաշտօնապէս ձերբակալուեցաւ եւ զեղծարարութեամբ ամբաստանուեցաւ` «քրէական կազմակերպութիւն ստեղծելու եւ կազմակերպելու, կաշառք առնելու, կեղեքում կատարելու, ապօրինի կերպով անձնական տուեալներ արձանագրելու եւ աճուրդներ խարդախելու յանցանքներով»:
Յատկանշական է, որ դատարանը անհիմն նկատեց անոր դէմ կատարուած «ահաբեկչութեան աջակցելու» ամբաստանութիւնը, որ կապ ունէր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոր ենթադրեալ յարաբերութիւններուն հետ։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ սառեցուց Իմամօղլուի պաշտօնավարութիւնը:
Նշենք, որ անոր կուսակցութիւնը` Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը անցեալ տարի տեղական ընտրութիւններուն դաշնակցած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հետ, որ կ՛ամբաստանուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով:
Իմամօղլու կը հերքէ ամբաստանութիւնները եւ կ՛ըսէ, թէ անոնք ունին զուտ քաղաքական դրդապատճառներ:
Անոր բանտարկութիւնը Թուրքիոյ մէջ յառաջացուց տասնամեակի մը ընթացքին մեծագոյն ցոյցերուն, որոնց ընթացքին ձերբակալուեցան հարիւրաւոր ցուցարարներ։ Ցուցարարներու խումբ մը նոյնիսկ բարձրացուցած էր նաեւ Թալէաթի եւ Էնվերի լուսանկարները:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի օր յայտարարուեցաւ, թէ, ըստ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կազմակերպած նախագահական նախնական ընտրութիւններուն, Իմամօղլու մօտաւորապէս 15 միլիոն քուէ ստանալով՝ դարձած է կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն։
Նախագահական ընտրութիւնները սկզբունքով պէտք է տեղի ունենան 2028ին, սակայն կան կասկածներ, որ Էրտողան կանխահաս ընտրութիւններու դիմէ, ամրապնդելու համար իր առաւել քան 20ամեայ իշխանութիւնը։