Արդէն քսան տարուան ճամբայ կտրած է Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլը։ Իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։ Հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային միացման կապը։ Թէեւ ազատագրեալ տարածքներու մեծ մասը տակաւին լքուած վիճակի մէջ կը մնայ, այսուհանդերձ, Արցախը հաստատուն քայլերով կ՚առաջանայ տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղղութեամբ։
Ցեղասպանական «մաքրագործման», տեղահանութեան եւ աւերման ու աւարման ծանրագոյն հարուածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու քսանամեակ մը ապրեցաւ հերոսական Արցախը։ Մեծ զրկանքներու եւ թանկագին զոհաբերութեան գնով արցախահայութիւնը իր ուղին հարթեց։ Յատկապէս դժուար եղան խաղաղութեան տասնեւհինգ տարիները, որոնք յատկանշուեցան մեծապետական ուժերու հետեւողական ճնշումներով, որպէսզի յանուն Արցախեան հարցի բանակցային կարգաւորման՝ արեան գնով նուաճուած Արցախի իրաւունքները վերստին ենթարկուին Ատրպէյճանի տիրակալութեան։
Քսան տարի առաջ Ստեփանակերտէն թափ առած Միացման շարժումին հետ կազմաւորուեցաւ նաեւ Սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն՝ ատրպեճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը։ Բայց ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ այդ սերունդը անկասկած ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին անբաժան մասը կազմելու, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է։ Մանաւանդ որ այդ ձեռքբերման գինը վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի մը կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ…
Արցախեան շարժման քսանամեայ հաշուեկշռին հիմնական գլուխներու սոսկ խորագրային այս ոգեկոչումը ինքնանպատակ ըլլալէ անդին կ՚անցնի, որովհետեւ իր հետ կը բանայ, անխուսափելիօրէն, հայ քաղաքական մտքի ջրբաժանը հանդիսացող Արցախեան կողմնորոշիչին նորովի արժեւորման հարցը։
Յանուն պատմական ճշմարտութեան կ՚արժէ ընդգծել, որ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու գլխաւոր պահանջին ու առաջադրանքին շուրջ միասնական դիրքորոշում ունենալով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը, շարժման առաջին իսկ պոռթկումի օրերէն, տարակարծիք եղաւ պայքարի յարմարագոյն ռազմավարութիւնը որդեգրելու հարցին շուրջ։
Եթէ սկզբնապէս զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ ազգային-ազատագրական պայքարի լծուելու անհրաժեշտութեան շուրջ ծաւալեցաւ բանավէճը, ժամանակի թաւալումին եւ հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան բարդացման հետ ջրբաժան առաջացաւ մէկ կողմէ այսպէս կոչուած «իրատեսութեան», իսկ միւս կողմէ «ծայրայեղական» որակուած յեղափոխականութեան միջեւ։ Արցախեան ազատամարտի շրջադարձային բոլոր փուլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին այս բեւեռացումը, ի վերջոյ 1997ին յանգելու համար ատենի ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն» ձեւակերպումով յայտնի երկփեղկումին։
Յատկանշական է զուգադիպութիւնը, որ Արցախեան Ազատամարտի քսանամեակը կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հինգերորդ նախագահի ընտրութեան այս օրերուն։ Բնաւ ալ պատահականութիւն չէր, որ նախագահական ընտրապայքարի ամէնէն բուռն բանավէճերէն մէկը շիկացաւ նոյնինքն Արցախեան հարցի կարգաւորման յարմարագոյն ուղին ճշդորոշելու եւ որդեգրելու կիզակէտին շուրջ։ Մանաւանդ որ իբրեւ գլխաւոր մրցակից իրարու դէմ ընտրապայքար մղեցին Արցախեան ռազմավարութեան հարցով իրարմէ բաժնուած եւ իրարու հակադրուած՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ նախագահներու ճամբարները։
Արցախեան շարժման քսանամեակին նուիրուած կարեւորագոյն պարգեւը անկասկած այն յաղթանակն է, որ պահանջատէրի «յեղափոխականութիւն»ը արձանագրեց «իրատեսական» համակերպումին եւ պարտուողականութեան դէմ։ Անշուշտ ժամանակը հիմնովին սրբագրեց 90ականներէն եկող այդօրինակ տարազումներն ու բեւեռացման եզրերը։ Բիւրեղացաւ հայ քաղաքական մտքի այն ուղղութիւնը, որ Արցախեան հարցի բանակցային եւ արդար կարգաւորման ուղին կ՚անցնի փոխզիջումներու եւ ոչ թէ միայն հայկական կողմի զիջումներու կածաններէն։ Իսկ մեր ժողովուրդին լայն մեծամասնութիւնը, նախագահական ընտրութեանց համար իր կատարած քուէարկութեամբ, բացարձակ վստահութեան արժանացուց ազատագրեալ Արցախին պետականօրէն տէր կանգնելու՝ հայոց պատմութեան մեծագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացող հայկական տարածքի հայապատկանութեան իրաւական ճանաչումը ապահովելու արեւելումը։
Փաստօրէն, Արցախեան շարժման բռնկումէն քսան տարի ետք, մեր ժողովուրդը վերահաստատեց Արցախեան կողմնորոշիչով իր երթը շարունակելու վճռականութիւնը։