
Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուի Հայաստան:
Հայաստանի կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ անոր եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առանձնազրոյցը:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Վրաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու խաղին ներկայ գտնուելու հրաւէրը ընդունելուն համար:
Երկու երկիրներու վարչապետները յայտնեցին, որ մրցումը մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ երկրպագուներուն մօտ եւ նշեցին, որ այսպիսի խաղեր կը նպաստեն հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բազմադարեայ կապերու հետագայ ամրապնդման:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու:
Փաշինեան Քոպախիծէն տեղեակ պահեց «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր»ի նախագիծի բնագիրի համաձայնեցման եւ նախագիծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մասին: