«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը եւ Իսրայէլ կապ հաստատեցին Սուտանի եւ Սոմալիոյ կառավարութիւններուն հետ` իբրեւ Կազայի բնակչութեան վերաբնակեցման երկու հաւանական վայրեր», «Սի.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին կարգ մը աղբիւրներ՝ աւելցնելով. «Թրամփի վարչակազմը եւ Իսրայէլ իբրեւ Կազայի բնակչութեան վերաբնակեցման վայր հետաքրքրուեցան նաեւ Սուրիայով»:
Միւս կողմէ, այլ այլ աղբիւր մը յայտնեց հետեւեալը. «Ամերիկեան վարչակազմը փորձեց երրորդ կողմի ճամբով կապ հաստատել սուրիական նոր ժամանակաւոր կառավարութեան հետ: Թրամփի յայտարարութիւնները Իսրայէլը քաջալերեցին կապ հաստատելու այլ երկիրներու հետ` պաղեստինցիները վերաբնակեցնելու առիթներ յայտնաբերելու համար»: