Պելճիքայի «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան եւ Վենետիկի Քա’Ֆոսքարի (Ca’Foscari) համալսարանին գործակցութեամբ՝ առաջին անգամ ըլլալով իրագործուեցաւ հայագիտական կրթական ծրագիր մը՝ «Հայկական հետքը Վենետիկի մէջ» խորագիրով:
Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան կողմէ նախորդ տարուան ամրան կազմակերպուած Համահայկական կրթական 11րդ խորհրդաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ:
Այս ծրագիրի շրջագիծին մէջ, Պելճիքայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները բացառիկ առիթը ունեցան ծանօթանալու Վենետիկի հայկական հարուստ ժառանգութեան։ Անոնք այցելեցին Սուրբ Ղազար կղզին՝ Մխիթարեան միաբանութեան, Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Վենետիկի Քա’Ֆոսքարի համալսարանը:


«Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ մեծ նշանակութիւն ունի Սփիւռքի հայ պատանիները հայկական ժառանգութեան ծանօթացնելու առումով։ Անիկա նպատակ ունի նոր կամուրջներ ստեղծելու՝ ամրապնդելով հայապահպանման եւ կրթութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը եւրոպական առաջատար կրթական հաստատութիւններու հետ», ըսաւ «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան նախագահ Արտակ Ժամհարեան:
Վենետիկի Քա’ Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեան մասնակցողներուն ներկայացուց «Հայերու Վենետիկը» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն մը, անդրադառնալով հայերու դերակատարութեան՝ Վենետիկի զարգացման եւ բարգաւաճման մէջ:
«Մենք մեծապէս կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնը։ Դարեր շարունակ Վենետիկը եղած է հայկական մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը եւ այսպիսի ծրագրեր բացառիկ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն նոր սերունդներուն ծանօթացնելու մեր պատմութեան եւ մշակոյթի ամէնէն կարեւոր էջերը», ընդգծեց Յարութիւնեան:
Նշենք, թէ ԿԳՄՄ նախարարութեան «Օտար պետութիւններու մէջ հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդում» ծրագիրի ծիրին մէջ, Քա՛Ֆոսքարի համալսարանին մէջ Հայաստանի պետական գանձատրումով կ՛իրականացուին հայագիտական դասընթացքներ եւ հետազօտական ծրագրեր: