
Երկուշաբթի օր Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցան բուռն բախումներ, որոնք զսպուեցան գիշերը հաստատուած զինադադարի համաձայնութեան մը շնորհիւ:
«Այն, ինչը արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենայ, չի կրնար շարունակուիլ, եւ պիտի չընդունինք, որ շարունակուի: Լիբանանեան բանակին ցուցմունք տուի կրակոցի կէտերուն հակադարձելու», օրուան ընթացքին յայտարարեց Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն:
Նախագահը հեռաձայնեց Սուրիոյ աջակցութեան նուիրուած Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Պրիւքսէլ գտնուող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսէֆ Ռաժժիին եւ անկէ պահանջեց կապ հաստատել խորհրդաժողովին մասնակցող սուրիական պատուիրակութեան հետ ու աշխատանք տանիլ ներկայ հարցը կարելի եղածին չափ շուտ լուծելու, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ երկու պետութիւններուն գերիշխանութիւնը եւ կ՛արգիլէ կացութեան վատթարացումը:
Ան նաեւ նշեց, որ հարցը ծագած է սուրիացի երեք մաքսանենգներու սպանութենէն ետք, մինչ սուրիական կողմը կը պնդէ, թէ բախումները սկսած են «Հըզպալլա»ի զինեալներուն ներթափանցումի մը պատճառով։
Ըստ լիբանանեան բանակին՝ Հերմել շրջանին մէջ, Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ, երկու սուրիացիներու սպաննուելէն եւ երրորդի մը վիրաւորուելէն ետք, վիրաւորը դարմանումի համար փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն մահացած է, որուն լոյսին տակ բանակը ապահովական արտակարգ քայլեր որդեգրած է։ Աւելի ուշ երեք դիակները յանձնուեցան սուրիական կողմին:
Բանակը աւելցուց, որ ասոր զուգահեռ, շրջանին մէջ լիբանանեան գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ սուրիական հողերէն ռմբակոծման ենթարկուեցան, առ այդ բանակային ուժերը պատշաճ զէնքերով հակադարձեցին կրակոցի կէտերուն, ամրապնդեցին իրենց տեղակայումը եւ ապահովական կացութեան վերահսկողութիւնը:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ բախումներուն պատճառով, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 4 անդամներ սպաննուեցան եւ ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Ըստ «Ատապի» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին՝ բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան 11 սուրիացիներ, որոնցմէ ութը զինուորներ են, իսկ Լիբանանի մէջ եօթը անձեր սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան 52 ուրիշներ։