
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Մայք Ուոլց 16 Մարտին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի։
Ան տեղեկացուց, որ ինք նախորդ շաբաթ, Ատրպէյճանի մէջ խօսաեցաւ այդ երկրի նախագահի ազգային ապահովութեան գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ:
«Մենք գոհ ենք, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան յառաջընթաց մեծ քայլ առած են եւ համաձայնած խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ: Ես անոնց ըսի, որ այժմ մենք պէտք է վերջնականացնենք այդ խաղաղութեան գործարքը, ազատ արձակենք բանտարկեալները, եւ միասին աշխատինք տարածաշրջանը աւելի ապահով եւ բարգաւաճ դարձնելու ուղղութեամբ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Ուոլց՝ աւելցնելով. «Ամերիկայի Ոսկեդարը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ աշխարհին, եւ մենք պիտի չդադրինք աշխատելէ, մինչեւ այդ մէկը իրականանայ»։
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼՈՒ
Իրաւապաշտպան, Պաքուի բանտին մէջ պահուող Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը` Ճերըտ Կենսըր կոչ ուղղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին՝ ուշադրութեամբ ուսումնասիրելու Մայք Ուոլցի յայտարարութիւնները:
Կենսըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ընդգծած է ոչ միայն խաղաղութեան պայմանագիրի աւարտի անհրաժեշտութիւնը, այլ նաեւ հայ գերիները ազատ արձակելը: «Վստահ եմ, որ այս առանցքային կէտերուն մէջ դուք բոլորովին համաձայն էք Թրամփի վարչակազմին հետ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Կենսըր՝ կցելով Ուոլցի յայտարարութիւնը:
2017ի «Օրորա» մարդասիրական մրցանակի դափնեկիր բժիշկ Թամ Քաթինա «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած է տեսաուղերձ մը՝ իբրեւ աջակցութիւն Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի: «Ռուբէն Վարդանեանը կը ճանչնամ տարիներէ ի վեր: Անոնք, որոնք կը ճանչնան Ռուբէն Վարդանեանը, գիտեն, որ անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները միանգամայն կեղծ են եւ անհեթեթ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ գործէ` ապահովելու անոր եւ Ատրպէյճանի մէջ անարդարօրէն պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը», գրած է Քաթինա: