
ՌՈՒՊԻՆԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Կոմիտաս» քառեակի հարիւրամեակին առիթով, Կիրակի, 9 Մարտի երեկոյեան, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրաշալի երաժշտական ձեռնարկ մը։
Հայերէնով բացման խօսքը կատարեց Տիգրան Եփրեմեան՝ ներկաներուն ծանօթացնելով «Կոմիտաս» լարային քառեակի հիմնադրութեան հանգրուանները. ան եւ յայտնեց, թէ խումբը հիմնուած է 1924ին, Խորհրդային Հայաստանի մէջ, խումբին առաջին ջութակահար Աւետ Գաբրիէլեանի կողմէ, կրելով յայտնի հայ երաժշտաբան եւ երգահան Կոմիտաս վարդապետին անունը։ Ան աւելցուց, որ քառեակը մինչեւ այսօր դերակատար է հայկական դասական եւ ազգագրական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան դասական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու գործին մէջ։ Տարիներու ընթացքին, խումբը փոփոխութիւններ ունեցած է, սակայն, միշտ պահած է իր ուրոյն խորքը եւ հայկական դիմագիծը։ Քառեակին յայտնի երաժիշտներէն եղած են նաեւ Սերգէյ Ասլամազեան, Նիքոլայ Տէր Յովհաննիսեան եւ Միքայէլ Տէրեան։
Բացման խօսքը անգլերէնով ներկայացուց Նանոր Էքմէքճեան. ան յիշեցուց, որ քառեակը նշանաւոր է աշխարհին՝ ծանօթացնելով մեր յայտնի հայ երգահաններու՝ Կոմիտաս վարդապետի, Արամ խաչատուրեանի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Էտուարտ Միրզոյեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնները եւ նշելով, որ քառեակը ելոյթ ունեցած է աշխարհահռչակ Carnegie (New York), Moscow Conservatory, Vienna Konzerthaus եւ Royal Albert (London) յայտնի երաժշտական դահլիճներուն մէջ։
«Կոմիտաս» քառեակի այժմու երաժիշտներն են՝ Էտուարտ Թադէոսեան, Սիւզի Երիցեան, Ալեքսանտր Գոսեմեան եւ Անժելլա Սարգսեան, որոնք հաճելի կտորներ ներկայացուցին, ներառեալ՝ հակական «Սուրբ, Սուրբ» շարականը, Մոցարթէն Clarinet Quintet-ը եւ Կոմիտասէն, Ասլամազեանի մշակումով՝ «Երկինքը ամպել ա», «Հապրպան», «Ալ Այլուղս», «Վաղարշապատի պար» եւ «Կաքաւիկը»:
Ներկայ էին հարիւր մշակութասէր հանդիսատեսներ, որոնք յոտնկայս՝ ջերմ եւ բարձր ծափողջոյններով, բարձր գնահատեցին քառեակին ներկայացումը։
Փակման խօսքը արտասանեց Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Լենա Մանուկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորող տէր եւ տիկին Յակոբ Գուճաքեաններուն, որոնք յաճախ սատար կը հանդիսանան Համազգայինի մշակութային ձեռնարկներուն, Համազգայինի անդամուհի Նայիրի Սարգիսի անխոնջ ջանքերուն՝ իրականացնելու այսօրուան ելոյթի հաճոյքը, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ սրահը սիրայօժար կերպով տրամադրելուն համար եւ, անշուշտ, ներկաներու՝ իրենց հետեւողական քաջալերանքին համար։
Վարչութիւնը անակնկալ կարկանդակով եւ «Բարի Տարեդարձ» երգելով՝ նշեց «Կոմիտաս» քառեակի 100ամեակը եւ առ ի գնահատանք՝ ծաղկեփունջեր նուիրեցին արուեստագէտներուն, օրուան հովանաւորներուն եւ Նայիրի Սարգիսին:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ ընկերային ժամ մը։
Ներկաները, ինչպէս միշտ, բարձր գնահատեցին Համազգայինի ժրաջան գործունէութիւնը։