ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Ռոյթըրզ».- Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Թելեմեքս» մրցաշարքին մէջ առաջին դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Չորեքշաբթի, Փետրուար 20ին տեղի ունեցած երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն 7-6 (7-5), 4-6, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի իր մրցակիցը՝ Ֆապիօ Ֆոճինին, հասնելով քառորդ աւարտականին: Մրցումը տեւեց երկու ժամ եւ 33 վայրկեան։
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Չորեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին: