
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ շրջանիս ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ տէր եւ տիկին Ճան Եւ Սինթիա Անտոնեաններուն, որոնք այս քայլով դարձեալ կը հաստատեն իրենց աննկուն նուիրումը ՀՄԸՄին եւ անոր առաքելութեան, տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։
«ՀՄԸՄը մեր արեան մէջ է՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուած մեզի», կը յայտնեն Անտոնեանները, իսկ Սինթիան կը յիշէ իր հօր 50 տարիներու նուիրումը ՀՄԸՄին, Պէյրութի մէջ։ Ճանի պարագային, ՀՄԸՄի հետ կապը սկսած է Հալէպէն, երբ իբրեւ սկաուտ միացած է ՀՄԸՄի շարքերուն։ Ան իր ընտանիքն հետ Հոլիվուտ հաստատուած է 1970ականներուն եւ Անտոնեաններուն ժառանգութիւնը վառ կը մնակ ՀՄԸՄի պատմութեան էջերուն մէջ։ Արդարեւ, անոր հանգուցեալ հօր՝ Գէորգ Անտոնեանի անունով կը կոչուի ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կեդրոնի սրահը։ Նաեւ, Ճանը Անտոնեաններուն 3րդ եղբայրն է եւ կրտսերագոյնը, որ կը հանդիսանայ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ։
Սինթիան յոյժ կարեւոր կը նկատէ ՀՄԸՄի գործունէութիւնը, որ համայնքը ամուր հիմերու վրայ դնելու կը նպաստէ եւ հայ պատանիներուն ու երիտասարդներուն առողջ դաստիարակութիւն կը մատուցէ, որուն ականատես դարձած է Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Տիէկօ։
Իր կարգին, Ճանը կենսական կը համարէ ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը, որ դարձած է յաջողակ հայ երիտասարդներ պատրաստող ուժ մը եւ ամերիկահայ համայնքը հզօրացնող կարեւոր գործօն մը։
1975էն ի վեր, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը շրջանիս ամէնէն մեծ եւ անհամբերութեամբ սպասուած նախաձեռնութիւնն է եւ ներկայիս ի մի կը բերէ մօտաւորապէս 3200 մարզիկներ, 1100 սկաուտներ եւ 35,000 հանդիսատեսներ, մարմնաւորելով ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային առողջ դաստիարակութիւն ջամբելու սկզբունքը։
Սինթիան կը պատմէ, թէ իրենց զաւակները եւս ներկայ եղած են Նաւասարդեան խաղերուն եւ հոն կազմած են բարեկամութիւններ, որոնք առաւել քան չորս տասնամեակներ շարունակուած են։
Անտոնեանները նաեւ դրուատեցին ՀՄԸՄի «Հրաշք» նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած է յատուկ կարիքներ ունեցողներու համար։ Ճանը կը յիշէ, թէ զգացական պահեր ապրած է, երբ Նաւասարդեան խաղերէն մէկուն ընթացքին ականատես դարձած է ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին մաս կազմող առաւել քան 60 մանուկներու իւրայատուկ ձիրքերուն, կարեւոր համարելով նաեւ ծնողներուն գործօն մասնակցութիւնը ՀՄԸՄի աշխատանքներուն։
Իբրեւ պատուոյ նախագահներ՝ Անտոնեանները փայլուն ապագայ մը կ՛ակնկալեն ՀՄԸՄի համար, անոր գործունէութեան ընդարձակումին միջոցաւ։ Անոնք յոյժ կարեւոր կը նկատեն ՀՄԸՄի արժէքներուն պահպանումը, որպէսզի կազմակերպութիւնը մնայ համայնքին ապագայ ղեկավարները պատրաստող հնոցը։
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին պիտի հասնին 4 Յուլիսի շաբաթավերջը տեղի ունենալիք փառատօնով, որ ոչ միայն մարզական յաջողութիւնները, այլ նաեւ ամերիկահայ համայնքին միասնականութիւնը եւ մշակութային հարստութիւնը պիտի տօնէ։
ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը կը մղէ իր անդամները, որ հասնին լաւագոյնին՝ անհատական եւ կազմակերպական ոլորտներուն մէջ։
Անտոնեանները պատուելու եւ ՀՄԸՄի հարուստ ժառանգութիւնը միասնաբար տօնելու համար, կը կազմակերպուի նաեւ «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Յունիսին, Century Plaza պանդոկին սրահին մէջ։