
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Մինչ Սուրիոյ մէջ անցումային շրջանը թափով կը շարունակուի, Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Անգարայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը 13 Մարտին այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ ամէնէն բարձր մակարդակով։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր եւ գաղտնի գործակալութեան՝ ՄԻԹի, խորհրդական Իպրահիմ Քալըն։
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարաա հիւրընկալեց այս պատուիրակութիւնը։
Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին արժեւորուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, նաեւ քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւնները։
Ըստ Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդումներուն՝ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ժողովրդական պալատին մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս հանդիպման մասին, որ զուգադիպեցաւ Սուրիոյ անցումային շրջանին տեսակէտէն բաւական նուրբ փուլի մը մէջ, երբ Շարաաի ստորագրութեամբ երկրին մէջ ի զօրու դարձաւ իսլամական իրաւունքի սկզբունքներով նոր սահմանադրութիւն մը։