
ԸՍՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ
Քանի մը օր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տարածեց յայտարարութիւն մը, թէ՝ թրքական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյց մը ունեցած է։
Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները Հայաստանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի պետական պիւտճէին միջոցներով է որ կը գտնուին Հայաստան։
«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն Գոռ Ծառուկեան, որ նաեւ նշեց, թէ Հայաստան ժամանած են թրքական տասը լրատուամիջոցներ: «Նախաձեռնութիւնը մերն է, եղել է 10 լրատուամիջոց, նպատակը որպէս այդպիսին Թուրքիայի լայն հանրութեանը հնարաւորինս ուղիղ եւ հանգամանալից ներկայացնել տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան հաստատման, Թուրիքա-Հայաստան յարաբերութիւնների կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Փորձել ենք գտնել ամենաազդեցիկ լրատուամիջոցների, դիմել ենք խմբագրութիւններին եւ ուղարկել են համապատասխան լրագրողների»:
Այցելութեան ծիրին մէջ, թուրք լրագրողները հարցազրոյցներ եւ քննարկումներ ունեցած են Փաշինեանի, շարք մը այլ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ փորձագիտական շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ:
Ծառուկեան ըսաւ, որ հրաւիրուած են թէ՛ պետական, թէ՛ անձնական, թէ՛ իշխանամէտ եւ թէ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներ։
Թրքական «NTV» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ կատարուած զրոյցը: Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am-ը:
Ռուբինեան կը յայտնէ, որ Հայաստան բոլորովին պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, եւ այդ հարցով Հայաստանի մօտեցումը գործընթացի սկիզբէն ցայսօր չէ փոխուած:
«Ակնկալում ենք Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորում, որը ներառում է դիւանագիտական յարաբերութիւնների կարգաւորում եւ Հայաստանի ցամաքային սահմանի ապաշրջափակում», ընդգծեց Ռուբինեան։
Խօսելով կարգաւորման գործընթացին մասին` ան դարձեալ շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ըստ Ռուբինեանի` Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման: «Հայաստանը երէկ, այսօր, վաղը պատրաստ է ամբողջական կարգաւորման ու եթէ Թուրքիան էլ նման քաղաքական կամք ունենայ, այդ ամէնը շատ արագ կ՛իրականանայ»: Այս պարունակին մէջ, Ռուբինեան ընդգծեց, որ հայկական կողմի Մարգարա անցակէտը վերանորոգուած է եւ պատրաստ վիճակի մէջ է՝ նշելով, որ թուրք գործընկերներէն եւս նոյնը կ՛ակնկալեն: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ վերանորոգելու կամ վերակառուցելու սահմանին գտնուող կամուրջը:
«Մինչեւ օրս ամենակարեւոր պայմանաւորուածութիւնը եղել է սահմանը 3րդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողների համար բացելը, որը ձեռք է բերուել 2022ին», եզրափակեց Ռուբինեան։


ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԸ
Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին կողմէ հրաւիրուած թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութեան ծիրին մէջ այցելեցին Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի Մարգարայի անցակէտը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ թուրք լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները ծանօթացան վերանորոգուած անցակէտին եւ անոր արհեստագիտական կարելիութիւններուն: Արձանագրուեցաւ, որ անցակէտը բոլորովին պատրաստ է գործարկման:
Լրագրողներու կարգին էր նաեւ «Ակօս» թերթի թղթակից Լուսյէն Քոփար, որ տեղւոյն վրայ հարցազրոյց մը ունեցաւ Օրփելի կեդրոնի մասնագէտներէն Արմէն Պետրոսեանի հետ, որ «Ակօս»ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուց Մարգարայի անցակէտի վերանորոգման ընթացքի որոշ մանրամասնութիւններ:
«Թուրքիայի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները երկար ժամանակ տարբեր հանդիպումներ են անցկացրել: Այն կէտը, որին հասել են երկու կողմերը, դրական էր: Դրանից յետոյ Հայաստանը սկսել է Մարգարա սահմանային անցակէտի վերանորոգման աշխատանքները, որոնք տեւել են մէկ տարի: Վերանորոգուել է նաեւ Հայաստանից անցակէտ տանող ճանապարհը: Անցակէտը պատրաստ էր 2023 թուականին: Փետրուարի 6ին Թուրքիայում տեղի ունեցած երկրաշարժերի ժամանակ այն երկու կողմերի որոշմամբ բացուել է մարդասիրական օգնութեան եւ բեռնատարների համար: Այս ամէնը փաստացի ցոյց տուեց, որ այս սահմանային անցակէտը կարող է գործել ամբողջ ներուժով», պատմեց Պետրոսեան: